ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Ուք­րայ­նոյ մէջ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը յանձ­նուե­ցաւ Վլա­տի­միր Կրոյս­մա­նին։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ար­սե­նի Եա­ցէ­նեուք հրա­ժա­րած էր վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նէն եւ այս­պէ­սով անհ­րա­ժեշտ դար­ձած՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը։ Ուք­րայ­նոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս, երկ­րի նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քո­յի հե­տա­մուտ պլոքն ու Ժո­ղովր­դա­կան ճա­կա­տը հա­մա­ձայ­նե­ցան Վլա­տի­միր Կրոյս­մա­նի թեկ­նա­ծու­թեան վրայ։ Այս վեր­ջի­նը խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահն էր եւ 257 ե­րես­փո­խա­նի քուէով յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի վա­րէ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը։

38-ա­մեայ Կրոյս­ման կը հան­դի­սա­նայ Ուք­րայ­նոյ ա­մե­նաե­րի­տա­սարդ վար­չա­պե­տը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016