ՊՂՏՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հայ­կա­կան կող­մը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ու­նի նոր զո­հե­ր։ Առ­կայ պղտոր ի­րադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ե­րէկ գի­շեր ապ­րուած դէպ­քե­րուն շուրջ։ Շեշ­տուե­ցաւ, որ Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կած է խախ­տել կրա­կի դադ­րեց­ման մա­սին ձեռք բե­րուած բա­նա­ւոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը։ Շփման գծի ամ­բողջ եր­կայն­քով Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը շա­րու­նա­կած են կրակ բա­նալ հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ։

Պա­քուէն ալ հե­տաքրք­րա­կան լու­րեր կը հաս­նին՝ ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բին ապ­րուած լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­զէ­րի ռազ­մա­կան փոր­ձա­գէտ Իւ­զէ­յիր Ճա­ֆէ­րով յայտ­նած է, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը վախ­նան յայտ­նել 1-5 Ապ­րի­լի լայ­նա­ծա­ւալ բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին երկ­րին կրած կո­րուստ­նե­րուն իս­կա­կան թի­ւը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Պա­քու կը պա­հէ լռու­թիւն եւ հե­տե­ւու­թիւ­նը այն է, որ ա­զէ­րի կող­մի կրած կո­րուստ­նե­րը կը թաք­ցուին հան­րա­յին կար­ծի­քէն։ Վե­րո­յի­շեալ իշ­խա­նա­մէտ փոր­ձա­գէ­տը յայտ­նած է, թէ ե­թէ Ատր­պէյ­ճան տե­ղե­կաց­նէ ռազ­մա­կան բա­խում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն իս­կա­կան թի­ւը, ա­պա հա­կա­ռա­կորդն ու ար­տա­քին ու­ժե­րը այդ բո­լո­րը կրնան օգ­տա­գոր­ծել երկ­րին դէմ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի տուեալ­նե­րով՝ Ատր­պէյ­ճան իր իսկ սան­ձա­զեր­ծած յար­ձա­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին կորսն­ցու­ցած է 2 ուղ­ղա­թիռ, 24 հրա­սայլ, 3 հե­տե­ւա­կի մար­տա­կան մե­քե­նայ, 7 ա­նօ­դա­չու թռչող սարք, 1 հրե­տա­նիի ինք­նա­շարժ եւ 1 զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ։ Մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ըստ նոյն աղ­բիւ­րին, Ատր­պէյ­ճան ու­նե­ցած է ա­ւե­լի քան 500 կո­րուստ եւ շուրջ 2000 վի­րա­ւոր։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՓՈՒ­ԹԻՆ

Այս ծանր հա­շուեկշ­ռի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ե­րէկ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կրնայ կար­գա­ւո­րուիլ բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը շատ զգա­յուն նիւթ մըն է եւ մենք պէտք է շատ զգու­շա­ւոր մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րենք ա­նոր նկատ­մամբ՝ բժշկա­կան յայտ­նի՝ չվնա­սե­լու սկզբուն­քով։ Ան հնա­գոյն հա­կա­մար­տու­թիւն մըն է, սա­ռե­ցեալ վի­ճա­կի մէջ էր, դժբախ­տա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ բռնու­թեան բռնկում։ Մենք կ՚ը­նենք ա­մէն բան՝ խնդի­րը կար­գա­ւո­րե­լու, եր­կու կող­մե­րու հա­մար ըն­դու­նե­լի ո­րո­շում մը գտնե­լու նպա­տա­կով։ Ի հար­կէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցով անհ­րա­ժեշտ է եր­կա­րա­տեւ լու­ծում մը։ Պէտք է գտնել փոխ­զի­ջում։ Մենք քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, կը կար­ծէի, որ գործ­նա­կա­նին մէջ հա­սած էինք այն կէ­տին, ուր եր­կու կող­մե­րէն ալ պի­տի ըլ­լար այդ փոխ­զի­ջու­մը, սա­կայն պար­զուե­ցաւ, որ սա դժբախ­տա­բար այդ­պէս չէ», ը­սաւ Փու­թին։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ռուս ղե­կա­վա­րը յայտ­նեց, թէ Մոս­կուա պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րուն հետ՝ խնդրին լու­ծում մը գտնե­լու նպա­տա­կով։ Ռու­սա­կան կող­մը պի­տի աշ­խա­տի նաեւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

ՊՈՐ­ՏԵՈՒ­ԺԱ­ՅԻ ԱՅ­ՑԸ

Մինչ այդ, Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Իր հետ է նաեւ ՀԱՊԿ-ի միա­ցեալ սպա­յա­կոյ­տի պե­տը՝ զօ­րա­վար Ա­նա­թո­լի Սի­տո­րով։ Ա­նոնք ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի կող­մէ։ Այ­սօր Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՀԱՊԿ-ի ռազ­մա­կան կո­մի­տէի հեր­թա­կան ժո­ղո­վը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին ան­դամ եր­կիր­նե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ալ նա­խա­տե­սուած է ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն նիս­տը Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Սէյ­րան Օ­հա­նեան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ վեր­ջին բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին ո­րե­ւէ ռազ­մա­վա­րա­կան դիրք յանձ­նուած չէ Ատր­պէյ­ճա­նին։ Ան ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ հայ­կա­կան կող­մի հե­տա­խու­զու­թիւ­նը կը գոր­ծէ մշտա­պէս։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016