ԱՄԵՆԱՀԶՕՐԻ ՊԱՏՐԱՆՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան «Մետիամաքս» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Նախարարը այս առթիւ պատասխանեց այն հարցման, թէ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են յիշատակումները տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի գերակայութեան մասին։ Ան այս կապակցութեամբ ըսած է հետեւեալը. «Քանի մը օր առաջ ես թուարկեցի Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ կը տարուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները։ Եթէ բանակցութիւններու կողմերէն մէկը կը ներկայացնէ միայն իրեն ձեռնտու սկզբունքը՝ ձեւացնելով, թէ միւս երկուքը գոյութիւն չունին, սա լրջօրէն կը խոչընդոտէ բանակցային գործընթացը։ Իսկ այն երկիրները, որոնք կը տարուին Ատրպէյճանի սադրանքէն, փաստօրէն իրենց հերթին ոչ միայն չեն նպաստեր բանակցային գործընթացի յառաջընթացին, այլեւ կը վտանգեն զայն»։
Միթէ այս բոլորը կը կատարուին գիտակցաբա՞ր։ Ի պատասխան Եդուարդ Նալպանտեան ըսած է հետեւեալը. «Սա կը կատարուի գիտակցաբար, թէ անգիտակցաբար, մտածուած թէ չմտածուած, ամէն պարագայի մէջ, սա լրջօրէն կը խանգարէ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։ Ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը հնարաւոր է միայն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ իրացման ճանապարհով»։
Նալպանտեան մեկնաբանած է նաեւ Ատրպէյճանի պնդումները, ըստ որոնց ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը հնարաւոր է միայն տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներէն ներս։ Այս մասին Նալպանտեանի մօտեցումը հետեւեալն է. «Կրնամ բերել պարզ օրինակ մը։ 1950-ական թուականներուն միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութիւններու թիւը շուրջ ութ տասնեակ էր, այսօր ՄԱԿ-ի անդամ են 192 պետութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը իր անկախութիւնը ձեռք բերած է ինքնորոշման իրաւունքի իրականացմամբ»։
Հաշուի առնելով, որ պարբերաբար Ատրպէյճանի զանազան պաշտօնեաներուն կողմէ հնչած յայտարարութիւնները կը հակասեն Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքերուն՝ «Մետիամաքս»ի թղթակիցը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այս կէտին վրայ։ Նալպանտեան շարունակած է ըստ հետեւեալի. «Այդ որոշ պատշօնեաները կը նմանին աճուրդի ձեւական գնորդներու, որոնք կը փորձեն իրենց գոռգոռոցով գին բարձրացնել։ Բայց դիւանագիտական բանակցութիւններու ընթացքին շուկայի մէջ գործածուող առեւտրական հնարքները չեն անցնիր»։
Ատրպէյճանի մէջ ներկայիս շատ կը խօսուի երկրի հզօրութեան մասին, ինչ որ իբր թէ թոյլ կրնայ տալ ի նպաստ Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման։ Նալպանտեանի խօսքերով, հասկնալի է, թէ նաւթի եւ կազի վաճառքէն ստացուած եկամուտները որոշ գլխապտոյտ պատճառած են եւ այս բանը ստեղծած է ամենահզօրի պատրանք։ «Նոյն զգացումով 1991 թուականին Ատրպէյճան պատերազմ սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Հետեւանքները յայտնի են», ըսաւ Արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեան։
Եդուարդ Նալպանտեան պատասխանած է նաեւ այն քննադատութիւններուն, թէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը միշտ չ՚արձագանգեր զանազան յայտարարութիւններուն։ «Ես կ՚ըսեմ, որ դիւանագիտութիւնը կը նմանի սառցալերան, որու փոքրիկ մասը կ՚երեւի, իսկ մեծ մասը, որ չ՚երեւիր, աշխատանքն է։ Չեմ կարծեր, որ ամէն առիթի պարագային պէտք է արձագանգել հրապարակայնօրէն», պատասխանեց Նալպանտեան։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս կը ջանան կազմակերպել նոր հանդիպում մը Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով տեսակցութեան մը հաւանականութիւնն ալ կը գտնուի օրակարգի վրայ։ Նախագահ Սարգսեան վերջին օրերուն յայտնած էր. «Պատրաստ ենք մտածել նոր հանդիպման հնարաւորութեան մասին, եթէ Պաքու կատարէ նախորդ պայմանաւորուածութիւնները»։ Ըստ Սարգսեանի, հայկական կողմը երբեք չէ հրաժարած բանակցութիւններէն, ներառեալ բարձր մակարդակի հանդիպումները։ Հայկական կողմը կը փափաքի, որ նախորդ հանդիպումներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները գոնէ մասամբ կատարուին եւ աւելի վերջ միայն հայկական կողմը պատրաստ պիտի ըլլայ մտածել նոր հանդիպման մը մասին։ «Ի՞նչ իմաստ ունի հանդիպիլը, եթէ չի կատարուիր այն, որու մասին արդէն պայմանաւորուած ենք։ Որպէս օրինակ կրնամ պատմել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած մեր վերջին երկու հանդիպումներուն մասին», ըսաւ ան։
Սարգսեանի համոզմամբ, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի ժողովուրդի՝ սեփական ճակատագիրը որոշելու իրաւունքին հիման վրայ։
Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը վերջին շրջանին յաճախակիօրէն կրկնեցին այս մօտեցումը։ Ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանն ալ յայտնած էր, որ հակամարտութեան կարգաւորման ճանապարհը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումն է։