ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ

Վա­ղը ամ­բողջ Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղո­վուր­դը քուէա­տու­փի մօտ պի­տի եր­թայ հան­րա­քուէի հա­մար։ Շա­բաթ­նե­րէ ի վեր հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպա­սուի այս հան­րա­քուէի ար­դիւն­քին։ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան նա­խա­գիծ մը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի ժո­ղո­վուր­դին եւ ե­թէ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­նայ, ա­պա երկ­րի կա­ռա­վար­ման դրու­թիւ­նը խ­որհր­դա­րա­նա­կա­նէն պի­տի փո­խուի նա­խա­գա­հա­կա­նի։

«Ա­յո»ի եւ «ոչ»ի մի­ջեւ կողմ­նո­րոշ­ման հա­մար ժո­ղո­վուր­դը խտա­ցեալ քա­րո­զար­շա­ւի մը հե­տե­ւե­ցաւ՝ խնդրին բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով։ Բնա­կա­նա­բար, հան­րա­քուէի քա­րո­զար­շա­ւը զերծ չմնաց երկ­րի ընդ­հա­նուր բե­ւե­ռա­ցեալ կա­ցու­թե­նէն եւ, ընդ­հա­կա­ռակն, իր կար­գին, յա­ւե­լեալ ազ­դակ մը հան­դի­սա­ցաւ այդ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՄՀՓ­-ի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ճամ­բա­րը կը պաշտ­պա­նէ «ա­յո»ն։ Գլ­խա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ­-ի, ՀՏՓ­-ի եւ այլ ար­տա­խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րու կող­մէ կազմուած ճա­կատն ալ կը խրա­խու­սէ «ոչ»ը։

Վա­ղուան հան­րա­քուէի ար­դիւն­քը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ ժո­ղո­վր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ հիմ­նադ­րուած ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը վեր­ջին շուրջ 15 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին յա­ջո­ղած է ա­նընդ­մէջ յաղ­թա­կան դուրս գալ բո­լոր ընտ­րու­թիւն­նե­րէն եւ հան­րա­քուէ­նե­րէն։ Հի­մա բո­լո­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպա­սեն պա­տաս­խա­նը այն հարց­ման, թէ այդ շղթա­յին վրայ պի­տի ա­ւել­նա՞յ նոր օ­ղակ մը եւս։ Ե­թէ հան­րա­քուէի ար­դիւն­քին ժո­ղո­վուր­դը հա­ւա­նու­թիւն տայ նա­խագ­ծին, ա­պա Թուր­քիա այժ­մու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րով պի­տի ջա­նայ նոր ճա­նա­պարհ մը հար­թել իր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան առ­ջեւ։ Այ­լա­պէս երկ­րին առ­ջեւ պի­տի ու­րուագ­ծուի ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման հո­րի­զոն մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017