Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՀԵՐՊԵՐԹ ԶԱԼՊԷՐ ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Հերպերթ Զալպէր ամսավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, թէ այցելութեան յստակ ժամկէտը տակաւին որոշուած չէ ու երբ որ յայտնի դառնայ՝ անմիջապէս պիտի հրապարակուի։ Զալպէր Երեւանի մէջ շփումներ պիտի ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբթուան կէսին՝ 19-20 Ապրիլին, Հերպերթ Զալպէր պիտի այցելէ Պաքու ու շփումներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։
Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017