ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Պիշ­քէ­քի մէջ։ Խրղը­զիս­տա­նի Նա­խա­գահ Ալ­մազ­պէք Ա­թամ­պա­յե­ւի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ բարձ­րա­գոյն տնտե­սա­կան խոր­հուր­դին նիս­տը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան։ Պիշ­քէ­քի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին, Սպի­տակ Ռու­սիոյ Նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շեն­քօ, Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ եւ Մոլ­տո­վա­յի Նա­խա­գահ Ի­կոր Տո­տո­ն։ Ալ­մազ­պէք Ա­թամ­պա­յե­ւ ն­շեց, որ իր եր­կի­րը այս տա­րի ԵԱՏՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահն է։ «Մենք կ՚ա­ռա­ջար­կենք գոր­ծա­րա­րու­թիւն վա­րե­լու լա­ւա­գոյն պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծել ԵԱՏՄ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ժո­ղո­վի մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րը կը քննար­կեն լայն շրջա­նա­կի հար­ցեր։ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ Պիշ­քէ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ան­պաշ­տօն ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պու­մը։

Մինչ այդ, Պիշ­քէ­քի մէջ Սերժ Սարգ­սեան ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Մոլ­տո­վա­յի Նա­խա­գահ Ի­կոր Տո­տո­նի հետ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գը՝ կա­րե­ւո­րե­լով քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը եւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017