ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ զգայացունց յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ամենակնճռոտ խնդիրներէն մէկուն շուրջ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ կարեւոր կը համարէ Հայաստանի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ՝ ներկայիս բազմաթիւ նախկին իշխանաւորներ կը դատուին ծանր մեղադրանքներով եւ անոնցմէ ոմանք բանտարկուած են։ Նոյն պարագան ի զօրու է երկրի նախկին երկու նախագահներուն՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի համար։ Ներկայիս Սերժ Սարգսեան կը դատուի, իսկ Ռոպերթ Քոչարեան դատական գործընթացի այս շրջանին արդէն բանտարկուած է ու երկար ժամանակէ ի վեր կալանավայրի մէջ կը գտնուի։ Վերջին շրջանին դատական մարմիններուն զանազան դիմումներ կատարուած են, որպէսզի Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխուի եւ ան տնային բանտարկութեան պայմաններու ներքեւ դատուի՝ առողջական փխրուն կացութեան բերումով։ Այդ որոշման կայացուելիք դատական նիստը չի կայանար երկար ժամանակէ ի վեր։ Ահա այսպիսի իրավիճակի մը մէջ երէկ հնչեց Վեհափառ Հայրապետի յայտարարութիւնը, ինչ որ շատ լայն արձագանգ ստեղծեց Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ եւ երեկոյեան ժամերուն ալ կառավարութեան աղբիւրները պաշտօնապէս արձագանգեցին։ Դժբախտաբար, ներկայ պայմաններով, ըստ երեւոյթին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ յառաջացած է լուրջ տարակարծութիւն մը, որ հասարակութեան առջեւ բանավէճի մըն ալ տեղի տուած է՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներով։

 news.am կայքէջը Նորին Սրբութեան նկատառման յանձնած է, որ քորոնաժահրի համաճարակի բերումով աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս կ՚իրականացուին կանխարգելիչ մարդասիրական միջոցառումներ։ Այդ շարքին մէջ է քրոնիկ կամ համակցուած հիւանդութիւններու տէր, ռիսքային խումբի մէջ գտնուող կալանաւորներու խափանման միջոցի փոփոխութիւնը։ Կայքէջը մատնանշած է, որ նոյն խումբին կը պատկանի Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որու խափանման միջոցի փոփոխութեան պարագայի քննարկման համար դատական նիստը երկար ժամանակէ ի վեր տեղի չ՚ունենար ու տակաւին պարզ չէ, թէ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Նորին Սրբութեան դիրքորոշումը յիշեալ կայքէջին փոխանցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետի մօտեցումն է հետեւեալը.

«Երկու օր առաջ ազգովի, աղօթքով միաբանուած տօնախմբեցինք Ս. Յարութեան տօնը, զոր դիմաւորեցինք համավարակի այս ծանր ու դժուարին իրադրութեան մէջ։ Այդ առիթով Երկնաւորէն Ս. Յարութեան շնորհներու հայցի հետ մէկտեղ Մեր պատգամը յղեցինք աշխարհասփիւռ Մեր ժողովուրդին՝ կարեւորելով, որ յատկապէս համավարակի վտանգի առջեւ մենք կարողանանք պահպանել մեր մարդկութիւնը, տէրունապատուէր սիրով ու հոգատարութեամբ շաղախել մեր կեանքն ու գործը, իսկ փորձութենէն դուրս գալ աւելի ուժեղ, միասնական ու համախմբուած՝ իբրեւ Քրիստոսին հաւատարիմ յարուցեալ ժողովուրդ։

«Մարդու աստուածապարգեւ կեանքը բարձրագոյն արժէք է եւ անոր նկատմամբ հոգածու վերաբերմունքը իւրաքանչիւրիս պատասխանատուութիւնն է։ Համավարակի այս պայմաններուն աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կը տեսնենք, որ մասնաւոր ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի ազատազրկման վայրերու մէջ գտնուող անձերուն, ողջունելի քայլերու կը ձեռնարկուին՝ հասարակութեան համար վտանգ չներկայացնողներու ազատ արձակման կամ խափանման միջոցներու փոփոխութեան՝ զերծ պահելով զանոնք վտանգաւոր այս վարակէն։ Նման հարցերու մէջ, Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը խարսխուած է սիրոյ, խնամքի եւ գթասրտութեան աստուածային պատգամի վրայ եւ այս առումով Մեր յորդորն է, որ հայրենի մեր իշխանութիւնները շարունակեն այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու նախաձեռնել։

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին՝ հաղորդ ըլլալով նախագահի առողջութեան առընչութեամբ բժիշկներու մասնագիտական կարծիքներուն, կարեւոր կը համարենք, որ արդարադատութեան իրագործման հետ մէկտեղ ձեռնարկուին բոլոր կանխարգելիչ միջոցներուն ու միջոցառումներուն՝ ներառեալ խափանման միջոցի փոփոխութիւնը, համավարակի այս շրջանին զինքը ապահովագրելու համար առողջական վիճակի ապագայ բարդացումներու դէմ»։

Վեհափառ Հայրապետի այս յայտարարութենէն քանի մը ժամ անց, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի քարտուղար Մանէ Գէորգեան արձագանգեց՝ արտայայտելով իշխանութիւններու մօտեցումը։ Ան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին ըրաւ կարճ յայտարարութիւն մը, որու ոճը բաւական խիստ էր ու մեղադրանքներ ալ կը վերագրուէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Մանէ Գէորգեանի յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Կը յիշեցնենք, որ Մայր Աթոռի Տեղեկատուութեան համակարգի ղեկավար Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան մինչ այս եղած էր Ռոպերթ Քոչարեանի հետ նոյն՝ Մարտի 1-ի գործով կատարուող, զանազան յանցանքներու, այդ շարքին՝ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք տալով եւ գումարներու լուացման օժանդակելով մեղադրուած Սամուէլ Մայրապետեանի անձնական երաշխաւորը։ Մայրապետեան 2019-ի յունուարին բուժման պատրուակով մեկնած է երկրէն եւ հակառակ քննչական մարմնի պահանջին եւ ի հեճուկս Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեանի երաշխաւորութեան, չէ վերադարձած Հայաստան։ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որեւէ մեկնաբանութիւն չունի Վեհափառի ցանկութիւններու ու յոյսերու վերաբերեալ, միեւնոյն ժամանակ կ՚ակնկալենք, որ Մայր Աթոռը կը վերագնահատէ Մայրապետեանի երաշխաւորութեան պատմութիւնը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած վիճակը»։

Հարկ է նշել, որ Ռոպերթ Քոչարեան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով։ Նախագահական պաշտօնի Ռոպերթ Քոչարեանէն Սերժ Սարգսեանի փոխանցման փուլին պատահած այդ դէպքերուն հետեւանքով մահացած էր երկրի աւելի քան տասն քաղաքացի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020