ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՊԱՏԿԵՐ
Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ օրեր անց փոխանցեց՝ այնքան երկար սպասուած դրական լուր մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համավարակի տարածման թափը անկում արձանագրած է եւ բազմաթիւ երկիրներու բաղդատմամբ շատ աւելի կանուխ ապահովուած է այս արդիւնքը։ Սա տագնապը նուազագոյն վնասներով յաղթահարելու ուղղութեամբ յուսադրիչ իրադարձութիւն մըն է եւ համավարակի դէմ պայքարի շարունակութիւնը խրախուսելու տեսակէտէ ողջունելի պատկեր մը։
Առողջապահութեան նախարար Քոճա երէկ յայտնեց, որ ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն շնորհիւ կան ազդանշաններ, թէ Թուրքիա այս համավարակը նուազագոյն կորուստներով պիտի յաղթահարէ։ Սա կարելի դարձած է՝ հակառակ, որ սահմանուած միջոցները հարիւր տոկոսով չեն յարգուիր։ Ըստ նախարարին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 10, Իտալիոյ մէջ 8, Սպանիոյ մէջ 9 շաբթուան ընթացքին համավարակի տարածման թափը հասած է գագաթնային կէտին։ Թուրքիոյ պարագային այդ ժամկէտը եղած է 4 շաբաթ։ Թուրքիոյ մէջ վարակման թափը անկում արձանագրել սկսած է։ Շաբթուան մը ընթացքին արձանագրուած ամենաբարձր տուեալներուն երկիրը հասած է։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ ակնկալութիւնները աւելի դրական են։ Համավարակի 5-րդ շաբթուան մէջ Թուրքիայէ ներս մահերու թափը դանդաղած է։ Թուրքիա աշխարհի վրայ առաջին երկիրն է, որ հասած է այս արդիւնքին։ Այս բոլորը կու գան ապացուցանել, թէ երկիրը համավարակի դէմ պայքարի տեսակէտէ ճիշդ ուղղութիւն մը որդեգրած է։ «Մենք կը յառաջանանք թիրախային հարուածներով», ըսաւ նախարարը։
Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ երէկ համավարակի հետեւանքով 107 հոգի մահացաւ եւ զոհերու ընդհանուր թիւը հասաւ 1403-ի։ Երէկ կատարուեցաւ 33 հազար 70 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 4 հազար 62 նոր վարակեալ։ Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց սահմանուած նախազգուշական միջոցներուն խստիւ հնազանդելու կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, եթէ համավարակի տարածման նոր ալիք մը չյառաջանայ, ապա այժմ այլեւս գործընթացի շարունակութիւնը կը համարուի կանխատեսելի։
Միւս կողմէ, Նախարարաց խորհուրդն ալ վերջին ժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ առած է յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները, որոնք կը բիւրեղանան համավարակի պայմաններուն ներքեւ միջազգային ներկայ փորձառութիւններու լոյսին տակ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստին այս ուղղութեամբ առնուած են յստակ որոշումներ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին պետութիւնը անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն պիտի դիմէ, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ երաշխաւորուին կենսաանվտանգութիւնը, սնունդի անվտանգութիւնն ու սիպերանվտանգութիւնը։ Արդարեւ, համավարակի մթնոլորտին մէջ յստակօրէն ի յայտ եկած է, թէ այս երեք բնագաւառները կը համարուին շատ նուրբ։