ԱՆՍԱՍԱՆ ՊԱՀԱՊԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւով արձագանգած է Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի վախճանման գոյժին։ Նախագահ Սարգսեան այս կապակցութեամբ ցաւակցական մը ուղարկած է Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին, որ միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւորն է։ 12 ապրիլ 2021 թուակիր այս պաշտօնական ցաւակցականի բնագիրը երէկ մամուլի նկատառման յանձնուեցաւ Սաքըզաղաճի Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրներուն կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արմէն Սարգսեանի ցաւակցական գիրը։

*

Ցաւով տեղեկացայ, որ կեանքէ հեռացած է Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան։

Հայր Յարութիւնը այսօրուայ հայ իրականութեան մէջ ամենայայտնի անուններէն է՝ շնորհիւ իր ապրած յագեցած կեանքի եւ բեղուն գործունէութեան։ Մուսալեռցի ծնողներու զաւակը աչքը բացած է Պէյրութի մէջ 1937 թուականին, իսկ 1950 թուականէն ի վեր իր կեանքը կապած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հետ։ Միաբանութեան ուշիմ եւ տաղանդաւոր սանը կը ստանայ բազմակողմանի կրթութիւն Հռոմի եւ Վենետիկի մէջ, բացի փիլիսոփայութենէ, Աստուածաբանութենէ ու հոգեւոր երաժշտութենէ կը հրապուրուի նաեւ գեղանկարչութեամբ։

Երկար տարիներ ան զբաղած է նաեւ մանկավարժութեամբ աշխարհի զանազան Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Հայր Յարութիւն յատկապէս կապուած էր Փարիզի մերձակայ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի հետ, ուր ան դասաւանդած է երկար տարիներ, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն, երբ վարժարանը այլեւս չէր գործեր, ան դարձած էր այդ պատմական հաստատութեան վերատեսուչը եւ Մխիթարեան ժառանգութեան անսասան պահապանը։

Անխոնջ հոգեւորականը, գիտնականը, մանկավարժն ու արհեստագէտը հոգիով եւ մտքով ամուր կապուած էր հայրենիքին հետ. ան շրջած է ամբողջ հայոց աշխարհին մէջ, մէկիկ-մէկիկ գրի առած եւ նկարագրած ու նկարահանած մեր վանքերը, եկեղեցիները, պատմական յուշարձանները։ Իր բեղուն գրիչին տակէն դուրս եկած են հայագիտական տասնեակ ուսումնասիրութիւններ, ճանապարհորդութեան յուշագրութիւններ, հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած ակնարկներ, սրտցաւ ու սուր դիտարկումներ մեր նոր իրականութեան վերաբերեալ։

Յատկապէս վերջին երեսուն տարիներուն Հայր Յարութիւնի մէկ ոտքը Հայաստանի մէջ էր, ուր ան գնահատուած ու սիրուած էր եւ յաճախ հանդէս կու գար բանավէճային ելոյթներով, դասախօսութիւններով եւ նկարչական ցուցահանդէսներով։

Երկար տարիներ անձամբ ճանչնալով եւ շփուելով այդ բազմաշնորհ եւ կենսասէր անձնաւորութեան հետ՝ իմ մէջ ձեւաւորուած է մեծագոյն յարգանք ու համակրանք մեր հոգեւոր-մշակութային կեանքի այս նուիրեալի նկատմամբ։

Անդառնալի կորուստի կապակցութեամբ խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Մխիթարեան միաբանութեան, Մխիթարեան սաներուն եւ վարդապետի հարազատներուն ու մերձաւորներուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021