ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
«Հայկական ռազմաւարի պուրակի» բացումը զիս առանձնապէս չի հետաքրքեր Ալիեւի մարդատեացութեան (ոչ միայն հայատեացութեան) եւ ցինիզմի տեսանկիւնէն։ Պարզ է, որ մեզի հետ պատերազմի մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարած յաղթանակէն վերջ ան պէտք է ամէն ինչ ընէ մէկ կողմէ՝ մեզի ցաւ պատճառելու, նուաստացնելու, միւս կողմէ՝ սեփական հասարակութեան ոգեւորութիւնը որքան հնարաւոր է երկարաձգելու համար։ Ի դէպ, որքան գիտեմ, ոեւէ ատրպէյճանցի չէ յայտարարած, որ նման գործելակերպը անընդունելի է եւ մասնաւորապէս՝ խոշտանգուած մարդոց պատկերներ տեղադրելը սեփական հասարակութիւնը այլասերելու միջոց է։ Այդ պուրակ շրջագայութեան մեկնած դպրոցականները պիտի մեծնան խեղուած հոգեբանութեամբ։ Բայց այդ բոլորը ատրպէյճանցիներու խնդիրներն են։ Զիս կը հետաքրքրեն մեր խնդիրները։
Նախ՝ այն, որ մեզ ազգային այս նուաստացման հասցուցած իշխանութիւնը կը շարունակէ իշխել՝ չզգալով պարտութեան դառնութիւնը եւ ձեւ ընելով, թէ ամէն ինչ հոյակապ է ու «Նոր Հայաստանը» կ՚ապրի «աննախադէպ նուաճումներու» պայմաններու մէջ։ Երկրորդ՝ պէտք է արձանագրել, որ մեր հասարակութեան մեծ մասը ինքզինք նուաստացած չի զգար եւ կը գտնուի անհասկնալի թմբիրի մը մէջ։ Իսկ ինչո՞ւ պէտք է զգալ ցաւը։ Պատասխանը ակնյայտ է. նոյնիսկ ֆիզիոլոժիք մակարդակով՝ մինչեւ չգիտակցիս, որ մարմինդ կամ անոր մասերէն մին ցաւ կը զգայ, չես կրնար նոյնիսկ մտածել կազդուրուելու մասին։
Նոյն երեւոյթի «ազգային» դրսեւորման մասին 1910 թուականին ճշգրտօրէն կը գրէր Թումանեան. «Արդ՝ եթէ մենք ունինք ազգային իմաստութիւն, հոգւոյ արիութիւն եւ առողջ բնազդներ, անկարելի է աչքերնիս փակենք մեր այս ծանր հիւանդութեան առջեւ եւ չզգանք, որ մեր հոգին շատ դառնացած է, մեր ներքին մարդը շատ փճացած է եւ ասոր դէմ կռուելու, առողջանալու առաջին պայմանն է, որ մենք թէ՛ մեր ներսը եւ թէ աշխարհի առջեւ անկեղծ խոստովանինք ու ճանչնանք մեր դժբախտութիւնը։ Ապա այդ փրկարար գիտակցութեան կը հետեւին ինքնակատարելագործութեան բարձր ցանկութիւնն ու ազնիւ գործը»։
Եթէ ներսը չկայ ողբերգութեան գիտակցութիւնը, ապա չ՚ըլլար նաեւ դիմադրութիւնը արտաքին ճնշումներուն։ Շատ-շատ՝ Ալիեւի հասցէին ըսուի մէկ-երկու քաղցր բառ, որոնցմէ Ատրպէյճանի նախագահին ոչ տաք է, ոչ սառը։ Այս պարագային դժուար է նաեւ խնդիրը ներկայացնել միջազգային ասպարէզի վրայ (այս բանէն, բնականաբար, կ՚օգտուի նոյնինքն Ալիեւ)։ Ես կրնամ նաեւ կանխատեսել միջազգային կառոյցներու արձագանգը՝ դուք հայերդ ի՞նչ բանէ կը բողոքեք, եթէ ձեր իշխանութիւնը կը խօսի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ «շինիչ երկխօսութեան» մասին, իսկ ձեր հասարակութիւնը աւելի կը հետա-քըրքրէ ո՛չ թէ Հայաստանի ներկայ վիճակը, այլեւ երեք տարի առաջ տիրող յոռի բարքերը։ Այնպէս որ Ալիեւ ամէն ինչը ճիշդ հաշուարկած է եւ իր լկտիութեան պատճառը ո՛չ թէ միջազգային կառոյցներու անտարբերութիւնն է, այլեւ մենք ենք։ Եթէ ինքնասիրութիւնդ չի խոցուիր, ի՞նչ բանէ կը բողոքես։
*
Իմ մանկութեան տարիներուն Շինարարներու փողոցին մէջ կար սափրիչ մը, ուր հայրս զիս հետը կը տանէր։ Յիշողութեանս մէջ մնացած է ծխախոտի մշտական թանձր ծուխը եւ անվերջանալի կրքոտ վէճերը ճատրակի եւ ֆութպոլի մասին։ 1960-ականներու երկրորդ կէսին եւ 1970-ականներու սկիզբին մենք ունէինք ճատրակի աշխարհի ախոյեան եւ ֆութպոլի խումբ, որոնց կ՚երկրպագէին։ Բանավէճերու մակարդակը բաւական ցած էր, իսկ հիմքը զանազան ենթադրութիւններէ բխած դաւադրութեան տեսութիւններն էին։
Որպէսզի ժամանակակից ընթերցողը հասկնայ, թէ ի՞նչ տիպի խօսակցութիւններու մասին է խօսքը, բերեմ նման օրինակ վերջին շրջաններէ։ Քանի մը տարի առաջ մէկը փողոցի մէջ զիս կը համոզէր, թէ «թուրքերը Մոուրինիոյին փող կու տան, որպէսզի Հենոն չխաղցնէ», այսինքն՝ որպէսզի մեր կիսապաշտպանը չխաղայ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի հիմնական կազմին մէջ։ Բաւականաչափ տեղեկութիւն չունենալով ֆութպոլի, ներառեալ խումբի մարզիչի՝ որոշումներ ընդունելու ձեւերուն մասին, բնականաբար, կարելի է իյնալ առասպելաբանութեան գիրկը, իսկ մեր առասպելաբանութիւնը հիմնականին մէջ կապուած է թուրքերու հետ։ Նման մակարդակի դատողութիւններ կը հնչէին այն սափրիչին մէջ։
Բայց այսօրուայ քաղաքական խօսոյթը աւելի բարձր չէ իր մակարդակով եւ ես վստահաբար կրնամ ըսել, որ մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը պատկերացում չունի, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի, տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ։ «Նիկոլը փրկիչ է, որ մեզ ազատած է թալանճիներէն» (եւ այս պատճառով ամէն ինչ ներելի է անոր համար) եւ «Նիկոլը թրքական լրտես է, որ դրամով ծախած է մեր հողերը» (դարձեալ՝ «թրքական վարկածը»)։ Երկուքն ալ առասպելներ են, որոնք կը խանգարեն տեսնել մեր իրականութիւնը եւ հասկնալ, թէ ինչու այդքան տխուր է այն։ Դուք կ՚ըսէք՝ մարդիկ համաչափ պատկերացում չունին աշխարհի մասին, որովհետեւ դուք՝ լրագրողներդ չէք կարողանար ճշմարիտ տեղեկութիւններ հաղորդել անոնց։ Սա, ի հարկէ, մասամբ ճիշդ է։ Բայց մարդոց մեծամասնութիւնը ո՛չ միայն տեղեկութիւն չունի, այլեւ ունենալ ալ չ՚ուզեր։ Կրնամ դատել իմ այս սիւնակներու մեկնաբանութենէն. ինչի մասին որ ալ գրեմ, ինչ օրինաչափութիւններ, նրբութիւններ ալ փորձեմ բացայայտել, ընթերցողներու արձագանգը սովորաբար դուրս չի գար «Նիկոլ փրկիչ»ի կամ «Նիկոլ լրտես»ի պարզունակ ձեւաչափէն։
Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի մարդիկ սկսին մտածել, մարդոց մօտ ցանկութիւն յառաջանայ բան մը իմանալու։ Ասոր համար զանոնք պէտք է կրթել՝ մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ կեանքի վերջը։ Կրթութիւնը պէտք է ըլլայ մեր պետութեան գլխաւոր ռազմավարութիւնը։ Երբ այս ներքին անկայունութիւնը ձեւով մը հանգուցալուծուի, եկէք լրջօրէն այս մասին մտածենք։ Երբ դպրոցականներուն կը հարցնես՝ «ով գրած է «Կիկորը» պատմուածքը», երեխաները նոյն պահուն կը վերցնեն սմարթֆոնները, քանի մը երկվայրկեանի մէջ «կը կուկըլեն» Կիկորը եւ կ՚ըսեն պատասխանը։ Երբ կը հարցնես՝ քանի կ՚ըլլայ 6 բազմապատկած 7, անոնք պատասխանը դարձեալ սմարթֆոնի մէջ կը փնտռեն։ Այդ առիթով թոյլ տուէք զուգահեռ մը եւս։ Դաշնակահար ըլլալու համար բաւարար չէ միայն դաշնամուրային երաժշտութիւն լսել, պէտք է ստեղծագործութիւններու որոշ քանակ մը ունենալ «մատներու մէջ»։
Քաղաքացի ըլլալու համար բաւարար չէ գիտելիքներ, մտքեր եւ գնահատականներ ունենալ «արտաքին կրիչներու» վրայ՝ սա ըլլայ կուկըլը, որեւէ հեղինակութիւն կամ կուռք։ Պէտք է բան մը ունենալ նաեւ գլխին մէջ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 10 եւ 14 ապրիլի համարներու խմբագրականներու