ԱՐԾՈՒԻԿ 18-ՐԴ

Ուք­րայ­նոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Քիե­ւի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2017» եր­գի մրցոյ­թը, ո­րու դափ­նե­կի­րը դար­ձաւ Փոր­թու­գա­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սալ­ւա­տոր Սոպ­րալ։

Այս տա­րուան մրցոյ­թին Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր Ար­ծուիկ, որ հան­դի­սա­ցաւ 18-րդ։ Ան կրցաւ միայն 79 միա­ւոր ա­պա­հո­վել՝ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած «Թռչէ ինձ հետ» եր­գով։

Հա­յաս­տա­նի կող­մէ տրուած միա­ւոր­նե­րը հրա­պա­րա­կուե­ցան ան­ցեալ տա­րուան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ի­վե­թա Մու­կու­չեա­նի կող­մէ։ Հայ­կա­կան դա­տա­կազ­մը ա­մե­նա­բարձր՝ 12 միա­ւո­րը տուաւ Փոր­թու­գա­լին։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017