ԵՐԵՒԱՆԻՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն «Անուշ լեզուի ֆորում»ի առթիւ բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, ան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ արքայազն Չարլզի հետ։ Գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպելու առընթեր Էրտողան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ «Չեթըմ հաուզ»ի երդիքին տակ։ Այստեղ ունեցած ելոյթին ժամանակ հանրապետութեան նախագահը մեղադրանքներ հասցէագրեց Երեւանին։ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առանցքները ներկայացնելու ժամանակ Էրտողան կանգ առաւ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջաններուն վրայ։

Լոնտոնի մէջ նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա կը խրախուսէ այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք հետամուտ են Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ մնայուն խաղաղութիւն, զարգացում ու անդորրութիւն հաստատելու։ Իր խօսքերով՝ այս դրական համայնապատկերին վրայ պակաս մնացած միակ երկիրը կը հանդիսանայ Հայաստան։ «Մենք մասնաւորապէս կը սպասենք այն օրերուն, երբ Հայաստանի ղեկավարութենէն պիտի տեսնենք տրամաբանական մօտեցումներ եւ բանիմացութիւն», ըսաւ նախագահ Էրտողան։ Հարկ է նշել, որ նախագահին այս խօսքերը արձագանգ գտած են նաեւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։

«Չեթըմ հաուզ»ի մէջ Էրտողան ընդգծեց նաեւ, որ հակառակ ամէն ինչի Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը կը մնայ Թուրքիոյ ռազմավարական նպատակներու շարքին։ Ան բացատրեց, որ մասնակցութեան գործընթացէն ներս Թուրքիա անկեղծ ջանքերով կը կատարէ իրեն վիճակածը։ Բանակցային գործընթացը իրականութեան մէջ ունի թեքնիկ բնոյթ մը, սակայն Թուրքիոյ պարագային այդ մէկը առաւել չափով քաղաքականացուած ու բարդացուած է։

Խօսելով Մերձաւոր Արեւելքի մասին՝ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա զինուորական գործողութիւններ կը կատարէ՝ քաղաքային ժողովուրդը վնասներէ զերծ պահելիք ձեւով։ Իսկ Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութիւնը պէտք է պահպանուի։ Արդարեւ, Իրանի հետ հաստատուելիք դրական յարաբերութիւնները պիտի երաշխաւորեն Իրաքի կայուն, ժողովրդավարական, բարեկեցիկ ու միացեալ ապագան։

Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018