ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Սոչիի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին, որու տանտէրն էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Սոչիի գագաթաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։ Հայաստանի վարչապետը տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Խազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի եւ գագաթաժողովի մասնակից այլ ղեկավարներու հետ։ ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրը չի նախատեսեր արտաքին քաղաքական ուղենիշի փոփոխութիւն։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Փութին հանդիպման ընթացքին փոխանակ-ւեցան կարեւոր պատգամներ երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագային շուրջ։ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Ռուսաստան աշխուժօրէն պիտի աշխատի Հայաստանի հետ միջազգային ասպարէզի վրայ։ Ըստ իրեն, Հայաստան Ռուսաստանի համար տարածքաշրջանէ ներս մօտիկ գործընկեր մըն է եւ դաշնակից մը։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդգծեց, որ երկրի նոր ղեկավարութիւնը տրամադրուած է նոր թափ մը հաղորդելու հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն։ Նոր վարչապետի խօսքով՝ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ թէեւ կան քննարկուելիք հարցեր, սակայն քննարկման ենթակայ չեն Հայաստան-Ռուսաստան դաշնակցային ու ռազմավարական յարաբերութիւնները։ Փաշինեան սկզբունքօրէն վստահեցուց, թէ այս հարցին շուրջ Հայաստանէ ներս գոյութիւն ունի քոնսենսիւս։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ռազմավարական կարեւորութիւնը երբեք ոչ մէկը չէ դրած կասկածի տակ ու չի դներ։ Ըստ Փաշինեանի, Երեւանի նոր ղեկավարութիւնը տրամադրուած է նոր թափ մը տալ յարաբերութիւններուն թէ՛ քաղաքական եւ թէ առեւտրատնտեսական ոլորտներու մէջ։ Ան յոյս յայտնեց նաեւ զարգացնել յարաբերութիւնները ռազմաթեքնիկ եւ այլ բնագաւառներէ ներս։ «Մենք շատ տպաւորուած ենք այլ ձեռքբերումներով, որոնք այժմ ունին ռուսական ռազմաարդիւնաբերութիւնը։ Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն այս հնարաւորութեան համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան Սոչիի մէջ։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ փոխանակուած խօսքերէն վերջ Փաշինեան եւ Փութին դռնփակ շարունակեցին իրենց հանդիպումը։ Անոնց կողքին էին երկու երկիրներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Սոչիի գագաթաժողովին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանի հետ էր նաեւ Հայաստանի նոր արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018