Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԷՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
Համահայկական նուագախումբը երէկ փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Օփերայի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին հնչեցին հայ ականաւոր երգահաններու ստեղծագործութիւնները։ Աշխարհի 21 երկիրներէն 90 հայազգի արհեստավարժ երաժիշտներ համախմբած է այս նուագախումբը, որու վերջին համերգը խորագրուած էր՝ «Վերածնունդէն յաղթանակ»։
Համահայկական նուագախումբը վերջին համերգին ընթացքին ղեկավարեցին երեք շատ յայտնի անուններ՝ Եդուարդ Թոփչեան, Սերկէյ Սմբատեան եւ Վահան Մարտիրոսեան։
Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018