ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻԾԻՆԱ ԻՎԱՆԻՇՎԻԼԻ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶ

Վրաստանի մէջ նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի կը վերադառնայ քաղաքական ասպարէզ։ Վերջին օրերուն ան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ՝ իր կողմէ հիմնադրուած «Վրացական երազանք» կուսակցութեան համար, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխը։ Կը հաղորդուի, որ Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Վրացական երազանք»ի համագումարը, որու ընթացքին կուսակցապետի միակ թեկնածուն էր Պիծինա Իվանիշվիլի, որ միեւնոյն ժամանակ Վրաստանի մեծագոյն գործարարներու շարքին է։ Քաղաքական ասպարէզ վերադարձի շարժառիթով Իվանիշվիլի հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ ընդգծելով, որ այդ քայլը առած է երկրի կարիքներուն բերումով։ «Ինչպէս 2011 թուականին էր, հիմա ալ նպատակն է Վրաստանի եւ վրացի ժողովուրդի բարեկեցութիւնն ու լաւ ապագան», ըսաւ Իվանիշվիլի եւ աւելցուց, որ երկրի ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոմիութեան հետ համարկման գործընթացը կը շարունակուի թափով։ Իվանիշվլիի խօսքով՝ քաղաքականութենէ հրաժեշտ առնելու ժամանակ դժուար թէ ենթադրելի ըլլար վերադարձը։ Ան շեշտեց նաեւ, որ քաղաքական ասպարէզ չէ վերադարձած՝ հետապնդելու համար որեւէ քաղաքական նպատակ։

Պիծինա Իվանիշվիլի խօսեցաւ նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ լարուած յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ըստ իրեն, Թիֆլիզի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած են կարգ մը դրական զարգացումներ։ Իվանիշվիլի յոյս յայտնեց, թէ միջազգային գործընկերներու ալ խրախուսանքով կարելի պիտի ըլլայ անցնիլ երկխօսութեան ու փոխադարձ հասկացութեան պայմաններու։

Պիծինա Իվանիշվիլի 2012 թուականին ընտրութիւններու արդիւնքով յաղթանակ տարած էր եւ դարձած՝ Վրաստանի վարչապետ։ 20 Նոյեմբեր 2013 թուականին իր իսկ փափաքով ան հրաժարած էր վարչապետի պաշտօնէն։

Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018