Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՆԳԱՐԱ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Նորին սրբազնութեան կ՚ուղեկցի Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ան այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր փոխանորդը կը տեսակցի Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018