ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Դամասկոսի մէջ երէկ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Էսատ բարձր գնահատեց Սուրիոյ հայութիւնը։ Ան նշեց, որ հայերը երկրի համահաւասար քաղաքացիներն են, միշտ եղած են վստահելի եւ աշխատասէր քաղաքացիներ՝ իրենց դրական մասնակցութիւնը բերելով երկրի յառաջդիմութեան։ Պեշար Էսատ կոչ ուղղեց, որպէսզի վերջին տարիներուն Սուրիայէն հեռացած հայերը վերադառնան երկիր՝ վերականգնելու համար իրենց տուներն ու գործատեղիները։ Պեշար Էսատ վստահեցուց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը պիտի շարունակէ վայելել պետութեան զօրակցութիւնը։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Պեշար Էսատի հանդիպումը դժբախտաբար զուգադիպեցաւ դժբախտ պատահարի մը, որովհետեւ շաբաթավերջին Սուրիոյ Համա քաղաքին մէջ հրթիռակոծութեան հետեւանքով մահացաւ հայ անչափահաս մը՝ Ճեսիքա-Յարութ Սէմէրճեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019