ԴԱՐՁԵԱԼ ՇՓՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին նոր սկիզբ մը կ՚որոնեն իրենց յարաբերութիւններուն մէջ՝ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Ուքրայնայի պարագային առկայ տարաձայնութիւններու հետեւանքով ստեղծուած լարուածութեան յաղթահարման նպատակով։ Մայք Փոմփէօ պետական քարտուղարի պաշտօնին կոչուելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց Ռուսաստան, ինչ որ տարբեր իմաստ մը վերագրեց երէկուան տեսակցութեան։ Երկու նախարարներուն հանդիպումը տեւեց շուրջ երեք ժամ։

Սոչիի մէջ կազմակերպուած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրով մեծապէս կարեւորեց, որ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ վերստին հաստատուած է ուղիղ երկխօսութիւնը։ Արդարեւ, այդ խողովակները խցանուած էին 2014 թուականէն ի վեր, երբ Ռուսաստան մուտք գործած էր Խրիմ։ Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ սա ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ, այլ համայն աշխարհի խնդիրներուն լուծումներ գտնելու առումով ճանապարհ կրնայ բանալ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019