ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Դաշինքի աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն օժանդակութիւնները, որոնք քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ կը կատարուին ի նպաստ անդամ երկիրներու։ Սթոլթենպերկ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից կամ գործընկեր երկիրներուն ապահովուած բժշկական օժանդակութեան բերումով դրուատեց Թուրքիան ու շեշտեց, որ առկայ դժուարին ժամանակաշրջանին զօրակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն։ Արդարեւ, այդ երկրի ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետը պահանջ ներկայացուցած է ՆԱԹՕ-ին՝ պաշտպանութեան ու անվտանգութեան կառոյցներու ձեւաւորման ճանապարհին օժանդակութիւն ունենալու նպատակով։ Եէնս Սթոլթենպերկ նախագահ Էրտողանի նկատառման յանձնած է, որ ՆԱԹՕ պատրաստ է այդ երկրին օժանդակելու։ Ընդհանուր քարտուղարը դիտել տուած է, որ դաշինքը լիարժէք աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Լիպիոյ ներքին պատերազմին համար քաղաքական լուծում մը ապահովելու ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։
Երկար ժամանակէ ի վեր Լիպիա կը ցնցուի ներքին պատերազմով եւ երկրէն ներս երկակի իշխանութեան կացութիւն մը յառաջացած է։ Այս իրավիճակին մէջ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի բոլոր զարգացումներուն, մինչ Միջերկրականի իր կենսական շահերուն տեսակէտէ առանցքային նշանակութեամբ համաձայնագրեր ալ ստորագրած է այդ երկրին հետ։