ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ Է ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ

Մոսկուա ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած վերջին՝ անցեալ շաբաթավերջի Ալմաթիի բանակցութիւնները։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին նշեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը եւս մէկ քայլ էր՝ Հարաւային Կովկասէ ներս յուսալի ու երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ։ «Մենք լիովին կ՚աջակցինք այս ուղղութեամբ ջանքերուն։ Կարեւոր է, որ բանակցութիւնները կ՚ընթանան Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտէսի որոշուած՝ բարձրագոյն մակարդակի վրայ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու հունով», ըսաւ ան։

Կալուզին շեշտեց, որ Ռուսաստան չ՚օգտագործեր «Զանգեզուրի միջանցք» բառակապակցութիւնը եւ կողմնակից է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ամբողջական ապաշրջափակման։ Արդարեւ, ռուսական կողմը հանդէս չի գար յստակ որեւէ երթուղիի ստեղծման, այլ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրական հաղորդակցութիւններու ամբողջական ապաշրջափակման հետամուտ է։

Կալուզին յիշեցուց, որ այս իսկ հարցով կը զբաղի 2021 թուականին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու որոշմամբ ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբը՝ այս երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան Արեւմուտքի ճնշման ներքեւ որոշած է սառեցնել համագործակցութիւնը փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս։

Միեւնոյն ժամանակ Միխայիլ Կալուզին նշեց, որ Հայաստանէ ներս հաստատուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը փաստացի վերածուած է Արեւմուտքի կիսառազմական գործողութեան՝ կասկածելի նպատակներով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024