ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԱՂԷՏ

Վրաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րուե­ցաւ ան­հա­ւա­տա­լի ա­ղէտ մը։ Թիֆ­լիզ բա­ռին բուն ի­մաս­տով գե­րե­վա­րուե­ցաւ ջրհե­ղե­ղի մը կող­մէ, որ խլեց տաս­նեակ կեան­քեր եւ պատ­ճա­ռած վնասն ալ հա­սաւ տաս­նեակ մի­լիո­նա­ւոր ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի մա­կար­դա­կին։ Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին սա այս քա­ղա­քին մէջ ապ­րուած ա­մե­նաու­ժեղ ջրհե­ղեղ­նե­րէն մին է եւ ի յի­շա­տակ զո­հե­րուն Վրաս­տա­նի մէջ այ­սօր յայ­տա­րա­րուած է սուգ։

Կը հա­ղոր­դուի, որ երկ­րի փրկա­րար ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, Վրաս­տա­նի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ բա­նա­կի ու­ժե­րը, Թիֆ­լի­զի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րը բա­ռին բուն ի­մաս­տով են­թար­կուած են զօ­րա­կո­չի՝ փրկե­լով հա­րիւ­րա­ւոր­նե­րու կեան­քը։ Հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ ալ դար­ման­ման տակ առ­նուած են հոծ թի­ւով վի­րա­ւո­րեալ­ներ։ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լի յայտ­նեց, թէ ա­ռայժմ վաղ է եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ ը­նե­լու հա­մար այս ջրհե­ղե­ղի պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։ Ան ընդգ­ծեց, որ Թիֆ­լի­զի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան մէջ չէ պա­տա­հած նման ուժ­գին ջրհե­ղեղ մը։

Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս արձ­ա­գան­գեց այս ա­ղէ­տին՝ առ­կայ ծանր կա­ցու­թեան դի­մաց փու­թով զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լով Վրաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան, Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ցա­ւակ­ցա­կան­ներ ու­ղար­կե­ցին ի­րենց վրա­ցի պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն։

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ջրհե­ղե­ղի հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւած են քսաներկու եւ քսանչորս ա­մեայ Ե­ղիա­զա­րեան քոյ­րեր։ Սա մեծ ցաւ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է վի­րա­հայ հա­մայն­քին մօտ։ Ցե­խա­ջու­րը ա­ղէ­տի ըն­թաց­քին լե­ցո­ւած է Սվա­նե­թի փո­ղո­ցի ի­րենց բնա­կա­րա­նին մէջ եւ ա­նոնք չեն կրցած դուրս գալ։ Այդ փո­ղո­ցը ըստ էու­թեան հա­յաբ­նակ է եւ ան­պաշ­տօն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ եր­կու-ե­րեք հա­յեր եւս կոր­սո­ւած են ներ­կա­յիս։ Փո­ղո­ցէն ներս մաքր­ման աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րո­ւին՝ գտնե­լու հա­մար կորստեալ­նե­րը։ Փրկա­րար­նե­րուն կ՚օգ­նէ նաեւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ե­րի­տա­սար­դաց միու­թեան կող­մէ խումբ մը։ Իսկ Ե­ղիա­զա­րեան քոյ­րե­րուն դիակ­նե­րը փո­խադ­րո­ւած են Թիֆ­լի­զի Ս. Էջ­միա­ծին ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղե­ցին, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ի­րենց յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015