ՈՒՈՐԼԻՔ ԶՐՈՒՑԵՑ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք տեսակցեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի համանախագահը այս շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքէն ներս կ՚իրականացնէ բազմաբնոյթ շփումներ։ Վերջին օրերուն Պաքուի եւ Երեւանի մէջ ան մէկտեղուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց հետ։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն հետ ալ Պաքուի մէջ տեսակցած է Ուորլիք՝ քննարկելով հակամարտութեան հետեւանքով անյայտ կորսուածներու հարազատներէն կենսաբանական նմոյշներ հաւաքագրելու ծրագիրը։
Ամերիկացի դիւանագէտին կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններով, կենսաբանական տուեալներու փոխանակման ուղղեալ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ է կողմերու համագործակցութիւնը։
Հարկ է նշել, որ սոյն ծրագրի փորձնական հանգրուանը յաջողութեամբ եզրափակուած էր անցեալ տարեվերջին։ Այս աշխատանքի նպատակն է հնարաւորութիւն ստեղծել՝ որպէսզի ընտանիքները կարենան պատասխաններ կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալ իրենց հարազատներու ճակատագրին շուրջ։