ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԻՒՐԶԻՆԵՐԸ՝ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՆՈՐ ԽԱՂԱՔԱՐՏԸ

Այն ինչ, որ պա­տա­հե­ցաւ Իտ­լի­պի մէջ, անս­պա­սե­լի չէր: «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տի զի­նեալ­ներ մուտք գոր­ծած են տիւր­զի­նե­րով բնա­կե­ցուած «Քալպ Ալ Լաուզ» ա­ւա­նը, ուր սպան­նած են քսան տիւր­զի­ներ: Սու­րիոյ տար­բեր շեր­տե­րով ան­ցած պա­տե­րազ­մի օ­րագ­րու­թեան մէջ նո­րու­թիւն մը չէր քսան ան­ձե­րու ըս-պան­նուի­լը: Նո­րու­թիւ­նը ա­նոնց տիւր­զի հա­մայն­քին պատ­կա­նիլն էր: Ու ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ տիւր­զի հա­մայն­քը կը ներ­քա­շուի սու­րիա­կան հա­կա­մար­տու­թեան մէջ: Մինչ տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը խօ­սէին, որ զո­հե­րուն թի­ւը կրնայ ան­ցած ըլ­լալ քա­ռա­սու­նը, ան­դին լի­բա­նան­ցի տիւր­զի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ հա­կա­սա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու­գա­յին:

Տիւր­զի հա­մայն­քը ձե­ւա­ւո­րուած է իս­լա­մա­կան Ֆա­թէ­մեան դա­րաշր­ջա­նին: Ա­նոր հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նոր­դը կը հա­մա­րուի Նաշթ­քին Ալ Տիւր­զին (1021): Տիւր­զի­նե­րը թէեւ կը հա­մա­րուին իս­լամ­ներ, սա­կայն ա­նոնց ըմբռ­նում­նե­րը եւ կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը մնան գաղտ­նի: Տա­կա­ւին ա­նոնք կարգ մը իս­լամ կրօ­նա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու կող­մէ կը հա­մա­րուին ա­ղանդ: Այ­սօր տիւր­զի­նե­րու թի­ւը կը հաս­նի շուրջ եր­կու­քու­կէս մի­լիո­նի եւ ա­նոնք տա­րա­ծուած են Լի­բա­նա­նի, Սու­րիոյ, Իս­րա­յէ­լի, Միա­ցեալ Նա­հան­գե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ: Մշա­կու­թա­յին տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րով ապ­րող տիւր­զի­նե­րը կը հա­ւա­տան վե­րած­նու­թեան գա­ղա­փա­րին, բայց այդ մա­սին կը նա­խընտ­րեն լռել: Պա­նի Մահ­րուֆ ա­նու­նով ճանչ­ցուած տիւր­զի հա­մայն­քին հիմ­նա­դի­րը կը հա­մա­րուի ա­րա­բա­կան Ալ Թա­նու­խի ցե­ղա­խում­բը: Իսկ այ­սօր ա­նոնց ա­մե­նէն յայտ­նի ըն­տա­նիք­նե­րէն են Ժոմպ­լաթ եւ Արս­լան գեր­դա­սա­տան­նե­րը, ո­րոնց հիմ­նա­կան կեդ­րո­նը Լի­բա­նա­նի «Ալ Ժա­պալ» յայտ­նի լեռ­նա­յին հա­տուածն է: Սոյն ըն­տա­նիք­նե­րը շատ յա­ճախ հա­կա­մար­տու­թեան մէջ ե­ղած են եւ ա­նոնց ու­նե­ցած յատ­կա­պէս քա­ղա­քա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը դուռ բա­ցած են ներ­քին խլրտում­նե­րու եւ ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան:

Սու­րիոյ տագ­նա­պին սկիզ­բէն ի վեր տիւր­զի հա­մայն­քին մէջ ե­րե­ւե­լիօ­րէն ընդգ­ծուե­ցաւ եր­կու մօ­տե­ցում : Մինչ լի­բա­նան­ցի տիւր­զի գլխա­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ո­ւա­լիտ Ժոմպ­լաթ, որ Սու­րիոյ վար­չա­կար­գին դէմ ծանր մե­ղադ­րանք­ներ հնչե­ցուց, կոչ կ­­՚ուղ­ղէր Սու­րիոյ տիւր­զի­նե­րուն, որ­պէս­զի միա­նան Սու­րիոյ տագ­նա­պի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցող ընդ­դի­մդիր «ա­զատ բա­նակ»ին։ Միւս կող­մէ, Է­սա­տին մօ­տիկ հա­մա­րուող քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ Ո­ւիամ Ո­ւա­համ եւ Թա­լալ Արս­լան կը շա­րու­նա­կէին զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ վար­չա­կար­գին, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­ւաս­տե­լով, որ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը Սու­րիոյ եւ ա­րա­բա­կա­նու­թեան դէմ հեր­թա­կան դաւ մըն է, եւ որ Է­սա­տի կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը յաղ­թա­կան դուրս պի­տի գան այս ծանր եւ ա­րիւ­նա­լի տագ­նա­պէն:

Ի­րենց ապ­րած վայ­րե­րուն մէջ տիւր­զի­նե­րը միշտ ալ տար­բեր կե­ցուածք­նե­րով հան­դէս ե­կած են: Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին ա­նոնք ըմ­բոս­տա­ցած են ֆրան­սա­կան ներ­կա­յու­թեան դէմ եւ 1925 թուա­կա­նին տիւր­զի ղե­կա­վար Սու­լթան Փա­շա Աթ­րա­շի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ պայ­քար տա­րած են ֆրան­սա­ցի­նե­րուն դէմ: Ա­նոնք մնա­լով ընդ­հա­նուր ա­րա­բա­կան եւ իս­լա­մա­կան պա­րու­նա­կին մէջ, պա­հան­ջած են քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ինք­նա­վա­րու­թիւն: Նպաս­-տե­լէ ետք Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Է­տիպ Ալ Չի­չաք­լիի իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լուն, 1954 թուա­կա­նին նոյն Սուլ­թան Փա­շա Ալ Աթ­րա­շի մղում­նե­րով Սու­րիոյ նա­խա­գա­հը կը ստի­պուէր լքել իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ խոյս տալ դէ­պի Պրա­զի­լիա: Նոյն Չի­չաք­լին կը սպան­նուէր Պրա-­զի­լիոյ մէջ տիւր­զիի մը փամ­փուշ­տով:

 Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող մար­տե­րուն կար­միր գի­ծի նման ե­րե­ւան կու գայ, որ իս­լա­մէտ տար­բեր խմբա­ւո­րում­ներ եւ յատ­կա­պէս «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ը (ISIS) մի­տում­նա­ւոր կեր­պով կռիւ­ներ կը մղեն փոք­րա­մաս­նու­թիւն հա­մա­րուող էթ­նիք խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ: ISIS Յատ­կա­պէս այս մօ­տեց­ման գլխա­ւոր ռահ­վի­րան է: Ի­րա­քի հիւ­սի­սի Սին­ճար լե­րան վրայ գտնուող ե­զի­տի­նե­րը, Մու­սու­լի գաղ­թէա­ցի, ա­սո­րի, հայ եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, Թուր­քիոյ հետ սահ­մա­նա­յին Քո­պա­նիի (Ա­րա­բու­նար) եւ Հա­սա­քէ­ի քիւր­տե­րը դար­ձան այս խմբա­ւոր­ման հիմ­նա­կան թի­րա­խը: Ա­նոնք նպա­տակ ու­նին այս կեր­պով ներ­քին խլրտում­ներ ստեղ­ծել եւ ա­տե­լու­թեան ֆո­նին ե­ղած նոր հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պարհ բա­նալ: Սա­կայն հար­ցադ­րում­նե­րու տուն կու տայ այն հան­գա­ման­քը, թէ Իտ­լի­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սպան­դը կը գոր­ծուէր ո՛չ թէ ISIS-ի կող­մէ, այլ՝ «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տին ձե­ռամբ, ո­րուն թու­նուս­ցի մէկ ա­ռաջ­նոր­դը պա­հան­ջած էր շրջա­նի տիւր­զի­նե­րէն ա­րա­գօ­րէն պար­պել ի­րենց տու­նե­րը ու հե­ռա­նալ շրջա­նէն:

Տե­ղի ու­նե­ցած սպան­դի լու­րե­րը հա­զիւ կը տա­րա­ծուէին, Իս­րա­յէ­լի տիւր­զի­նե­րու ա­ռա­նոր­դը՝ Մու­վա­ֆֆաք Զա­րիֆ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով կ­­՚ը­սէր, որ ի­րենք ձեռ­նա­ծալ պի­տի չմնան, ե­թէ ո­րե­ւէ կողմ փոր­ձէ տիւր­զի­նե­րուն վնաս հաս­ց­­նել: Տիւր­զի­նե­րու կա­պը անդր­սահ­մա­նա­յին է: Այ­սինքն հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­նոնք կ­­՚ապ­րին իս­րա­յէ­լեան Կո­լան լեռ­նա­յին հա­տուա­ծին մէջ, այ­լա­պէս ալ ա­նոնք կրնան մի­ջա­մուխ ըլ­լալ եւ փոր­ձել օ­ժան­դա­կել ի­րենց ա­րիւ­նա­կից­նե­րուն: Զա­րիֆ նաեւ ը­սած էր, որ ի­րենք նոյ­նիսկ պատ­րաստ են դի­մել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն այս տագ­նա­պէն դուրս գա­լու հա­մար: Լեռ­նա­յին հա­տուած­նե­րու մէջ ա­պաս­տա­նած տիւր­զի­նե­րուն հա­մար (Սու­րիա «Ալ Սը­մաք» լեռ եւ Ալ Սուայ­տա նա­հանգ, Լի­բա­նան «Ալ Ժա­պալ» կամ Լեռ­նա­լի­բա­նան եւ Իս­րա­յէլ՝ Կո­լա­նի լեռ­նա­յին հա­տուած) ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը դա­րա­ւոր հիմ­քեր ու­նի: Ա­նոնք լեռ­նա­յին պայ­ման­նե­րուն վարժ, ռազ­մու­նակ եւ ի­րենց ընբռ­նում­նե­րուն հա­մար կռուող հա­մայնք են:

 Կը մնայ հարց տալ, թէ ին­չո՞ւ այս խլրտում­նե­րը տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան պա­հու մը, երբ Սու­րիոյ տագ­նա­պը մտած է ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին փուլ մը:

 Մինչ տար­բեր մեկ­նա­բան­ներ վեր­լու­ծա­կան նիւ­թե­րով հան­դէս գա­լով կը խօ­սին ո՛չ միայն Է­սա­տի հե­ռաց­ման մա­սին, այլ կը մատ­նան­շեն, որ Է­սատ կրնայ Մոս­կուա ա­պաս­տա­նիլ: Բա­ցի այս, շրջա­նա­ռու­թեան մէջ է Սու­րիոյ բա­ժան­ման մա­սին «տե­սու­թիւն­ներ»ը, ո­րոնք ա­մէն օր «նոր քար­տէս»նե­րով կը ներ­կա­յա­ցուին:

 Ներ­կայ դէպ­քե­րուն հու­նը նաեւ կրնայ պատ­րաս­տել յե­տէ­սա­տեան Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք գոր­ծը­նթաց­նե­րը: Մինչ տար­բեր կող­մեր կը զգու­շաց­նեն, որ Է­սա­տի հե­ռա­նա­լէն ետք եր­կի­րը կրնայ թա­տե­րա­բեմ ըլ­լալ ան­վեր­ջա­նա­լի, ա­նա­ւարտ եւ ծանր սպան­ու­թիւն­նե­րով լե­ցուն հանգ­րուա­նի մը, ան­դին ա­մե­րի­կեան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ հեր­թա­կան ան­գամ շրջա­դարձ կ­­՚ը­նեն Է­սա­տին հան­դէպ ի­րենց կե­ցուած­քին մէջ եւ կը պա­հան­ջեն, գո­նէ ո­րոշ շրջա­նով մը ա­նոր հե­ռա­ցու­մը յե­տաձ­գել:

Այս մա­սին կա­րե­ւոր եւ փաս­տա­ցի տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէ ա­րա­բա­կան «Շարք Ալ Աու­սաթ» օ­րա­թեր­թը, որ գրած է Սու­րիոյ խնդրով նշա­նա­կուած ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէտ Տե­նիըլ Ռիւ­պինշ­թայ­նի Ժը­նեւ եւ ա­պա Մոս­կուա տուած «գաղտ­նի» այ­ցին մա­սին: Ըստ թեր­թին, ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը Մոս­կուա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր ղե­կա­վա­րու­թեան մտա­հո­գու­թիւ­նը ISIS-ի Դա­մաս­կո­սը գրա­ւե­լուն վե­րա­բե­րեալ եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով ա­մե­րի­կա­ցիք յար­մար կը հա­մա­րեն, որ Է­սատ առ­նուազն յա­ջորդ հանգ­րուա­նին մնայ իշ­խա­նու­թեան վրայ:

Երբ խօս­քը ռուս-ա­մե­րի­կեան «նախ­նա­կան» հա­մա­ձայ­նու­թեան մա­սին է, Սու­րիոյ տագ­նա­պին մէջ ա­ռա­ւել կամ նուազ չա­փե­րով մի­ջա­մուխ ե­ղող կող­մե­րը կրնան խօսք չու­նե­նալ:

Կը մնայ եր­կու հար­ցում. ար­դեօք ընդ­դի­մա­դիր ջո­կատ­նե­րը պի­տի կա­րո­ղա­նա՞ն Դա­մաս­կոս մուտք գոր­ծել: Բա­ցի այս, ար­դեօք Տո­հա, Ան­գա­րա, Փա­րիզ ու մա­նա­ւանդ Ռիատ պի­տի ըն­դու­նի՞ն, թէ Է­սա­տի հե­ռա­ցու­մը ժա­մա­նա­կա­ւոր կեր­պով յե­տաձ­գուի: Հի­մա հար­ցը Է­սա­տի մնալ-չմնա­լը չէ: Ա­մե­րի­կա­ցիք լրջօ­րէն մտա­հոգ են, որ ISIS իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը պի­տի մեծ­ց­­նէ: Ի­րա­քեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը գրե­թէ լքուած են ի­րենց ճա­կա­տագ­րին ու ա­մե­րի­կեան վճռա­կան ո­րոշ­ման մը չգո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը մա­հա­ցու հա­րուած չեն ստա­ցած եւ ու­նին հա­մե­մա­տա­բար հան­գիստ ի­րա­վի­ճակ մը: Պարզ է, որ ա­մե­րի­կա­ցիք չեն ու­զեր վճռա­կան ըլ­լալ Ի­րա­քի մէջ եւ նոյն­իսկ չեն ու­զեր «յաղ­թա­նակ նուի­րել» շիի խմբա­ւո­րում­նե­րուն: Ե­թէ նոյ­նը պա­տա­հի Սու­րիոյ մէջ, այ­սինքն ե­թէ ISIS ա­ւե­լիով ու­ժե­ղա­նայ, այն ա­տեն այդ խմբա­ւոր­ման մա­հա­ցու հա­րուած տա­լը կը դառ­նայ ան­կա­րե­լի: Տար­բեր կշիռ­նե­րով մօ­տե­ցող ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն հա­մար հի­մա Սու­րիոյ տագ­նա­պին լու­ծուի­լը կա­րե­ւոր չի թուիր ըլ­լալ: Ա­նոնց հա­մար ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­յի­նը Ի­րա­նի հետ կո­րի­զա­յին գոր­ծառ­քին ստո­րագ­րումն է: Մինչ այդ, սու­րիա­կան «բաց խաղ»ին մէջ ժա­մա­կա­նա­ւոր ու տար­բեր գոր­ծօն­ներ ալ կրնան ե­րե­ւե­լի դառ­նալ: Այդ գոր­ծօն­նե­րէն մին է քրդա­կա­նը: Քրդա­կան ջո­կատ­ներ սկսած են յա­ռա­ջա­նալ «Թալ Ա­պեատ» շրջա­նին ուղ­ղու­թեամբ: Ա­նոնք կը ճա­կա­տին ISIS-ին դէմ եւ վեր­ջին ժա­մե­րուն գրան­ցուած տուե­լա­նե­րուն հա­մա­ձայն, ա­նոնք դան­դաղ, բայց կա­յուն քայ­լե­րով կը յա­ռա­ջա­նան դէ­պի Ռաք­քա: Մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­կից ու­ժեր, օ­դա­յին հա­րուած­նե­րով կա­րե­ւոր նե­ցուկ ցոյց կու տան քիւրտ զի­նեալ­նե­րուն:

 Սու­րիա­կան ճգժնա­մի ա­րիւ­նա­հոս վէր­քը տա­կա­ւին կրնայ շա­րու­նա­կուիլ: Միա­ցեալ Նահ­նագ­ներ յատ­կա­պէս հե­տա­մուտ են, որ տագ­նա­պը եր­կա­րի եւ թա­տե­րա­բե­մին վրայ կռուող տար­բեր էթ­նիք, ա­հա­բեկ­չա­կան, ժո­ղովր­դա­յին եւ իս­լա­մա­կան ու այլ պի­տակ­նե­րու տակ հան­դէս ե­կող խմբա­ւո­րում­նե­րը բզկտեն Սու­րիան: Նոյն այդ խմբա­ւո­րում­նե­րը դառ­նան մաս­նա­տուած, տկար, ան­կար եւ սպա­ռած: Ա­պա միայն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ խօ­սիլ լուծ­ման հեռ­նա­կա­րի մը մա­սին: Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի չա­փա­ւո­րա­կան ընդ­դի­մու­թեան հա­մար ա­մե­րի­կեան մար­զում­նե­րուն, կա­րե­լի է ը­սել, որ այդ ծրա­գի­րը ար­դէն իսկ կը պատ­կա­նի ան­ցեա­լին, ո­րով­հե­տեւ կռուող հրոսկ­նե­րը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դեր ու­նին կա­տա­րե­լիք, քան ո­րե­ւէ չա­փա­ւո­րա­կան սու­րիա­կան ու­ժեր, ո­րոնք կրնան նոր կա­ցու­թիւն ստեղ­ծել:

 Այս կա­ցու­թեան մէջ է Սու­րիան այ­սօր, սա­կայն չի բա­ցա­ռուիր, որ կտրուկ փո­փո­խու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­նեն, պայ­մա­նաւ, որ այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը պէտք է ծա­ռա­յեն Սպի­տակ տան եւ Քրեմ­լի­նի ա­ռաջ­նորդ­նե­րու մշտնջե­նա­կան շա­հե­րուն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015