ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՇԱՐԺՈՅԹ

Ան­գա­րա-Մոս­կուա առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ Ռու­սաս­տա­նի ուղ­ղեալ շար­ժոյ­թով մը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ Ռու­սաս­տա­նի ազ­գա­յին օ­րուան առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­ներ ու­ղար­կե­ցին ի­րենց պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն՝ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւին։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղա­նի կող­մէ Փու­թի­նին հաս­ցէագ­րուած նա­մա­կին մէջ յոյս յայտ­նուած է, թէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի բարձ­րա­նան ար­ժա­նի մա­կար­դա­կի։ Իր կար­գին, Եըլ­տը­րըմն ալ Մետ­վե­տե­ւին ու­ղար­կած նա­մա­կին մէջ յոյս յայտ­նած է, թէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի հաս­նին փո­խա­դարձ շա­հե­րու տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ մա­կար­դա­կի։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016