ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՔԱՅԼԸ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այս Երկուշաբթի։ Քրեմլինի աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ եռակողմանի տեսակցութիւնը նախատեսուած է Յունիսի 20-ին։ Այսպէսով Մոսկուայի ջանքերով պիտի շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ նախագահներու մակարդակով քննարկումները։ Անցեալ Ապրիլի սկիզբին պատահած քառօրեայ պատերազմէն վերջ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը վերստին կեդրոնացած էր այս հարցին վրայ եւ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերով կազմակերպուած էր Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում մը։ Այս շրջանին յայտարարուած էր, որ ներկայ ամսուան մէջ երկու նախագահները կը մէկտեղուին վերստին։ Երկուշաբթի օրը նախատեսուած տեսակցութիւնը սակայն, ըստ երեւոյթին, զուտ ռուսական կողմի նախաձեռնութիւնն է, որովհետեւ ԵԱՀԿ-ի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցին՝ որ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն չեն մասնակցիր։
Փութինի օգնականներէն Եուրի Ուշաքով երէկ տեղեկացուց, թէ բնականաբար ռուսական կողմը աշխոյժ ջանքեր կը գործադրէ հակամարտութեան կարգաւորման առումով կողմերուն աջակցելու համար։ Ըստ իր բացատրութիւններուն, հաւանական է Սէն Փեթերսպուրկի մէջ Փութին նախ առանձին հանդիպումներ ունենայ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ, իսկ աւելի վերջ կայանան համատեղ բանակցութիւնները։
ՕՀԱՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր այսօր կը մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական ժողովին։ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի մատակարարուելիք զէնքերու խնդիրը Օհանեանի այս այցելութեան ընթացքին ալ կը մնայ առկայ։ Անցեալ անգամ ան Մոսկուայի մէջ մասնակցած միջազգային ժողովի մը ընթացքին բարձրաձայնած էր այս խնդիրը։ Իր Մոսկուա մեկնելէն առաջ, Երեւանի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ արծարծեց նոյն հարցը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց. «Մենք տակաւին չունինք այն հնարաւորութիւնը, զոր պիտի ունենանք շնորհիւ ռուսական զէնքերուն»։
Հայաստանեան լրատուամիջոցներ ալ Սէն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովին ընդառաջ կ՚անդրադառնան հայ-ռուսական յարաբերութիւններու առկայ դժուարութիւններուն։ Կարգ մը թերթեր կը պնդեն, որ Մոսկուա վերջերս շարք մը երաշխիքներ տուած է Պաքուին, ինչ որ Արցախի դէմ սպառնալիք մը կը համարուի։ Ռուսական կողմը կը վերակենդանացնէ Քազանի ծրագիրը եւ մեկնաբաններ համոզուած են, թէ այս իսկ պատճառով Ատրպէյճան ճակատի վրայ կը պահէ հանդարտութիւն։ Ուրիշ վերլուծաբաններ կը շեշտեն, թէ Ռուսաստան կը շարունակէ հետեւիլ այն նոյն դիրքորոշման, որ պատճառ դարձաւ Ապրիլի սկիզբին պատահած պատերազմին։