YÖK ԱՐԴԷՆ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԸ
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը (ՀԱՀ) տեղեկացուց, թէ ընդգրկուած է Թուրքիոյ կողմէ ճանչցուած համալսարաններու ցանկին մէջ։ ՀԱՀ-ի վկայականներու համարժէքութեան վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւնը արդէն հասանելի է Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի (YÖK) պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Հարկ է նշել, որ արդէն 25 տարիէ ի վեր կը գործէ ՀԱՀ-ը եւ իր պարագային առարկաներու գնահատականները կարելի է տեղափոխել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այլ համալսարաններ։ Այս համալսարանը աւարտելէ վերջ օտար կամ սփիւռքահայ ուսանողները կրնան իրենց կրթութիւնը շարունակել այլ զանազան համալսարաններուն մէջ։
ՀԱՀ-ի մօտ կը դասաւանդէ փորձառու, արհեստավարժ ու միջազգային չափանիշներու համապատասխան դասախօսական կազմ մը, որու գրեթէ կէսը Միացեալ Նահանգներէն է։ ՀԱՀ-ի ֆաքիւլթէներուն մեծամասնութիւնը կը համագործակցի ԱՄՆ-ի կամ Եւրոպայի լաւագոյն համալսարաններուն հետ՝ պատկան ոլորտներուն շրջագծով։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահն ու փոխ-նախագահը մօտաւոր անցեալին այցելած էին Իսթանպուլ, ուր համայնքային շրջանակներուն հետ խորհրդակցութիւններ ունեցած էին՝ մեր համայնքէն աշակերտներու ընդունման շուրջ։ Այդ ժամանակ հիմնական խոչընդոտը համարուած էր ՀԱՀ-ի վկայականին Թուրքիոյ մէջ վաւերականութեան վերաբերեալ խնդիրը։ Այս վերջին հաղորդումներով արդէն կը յստականայ, որ նման խոչընդոտ մը գոյութիւն չունի եւ անոնք, որոնք կը նախընտրեն յաճախել ՀԱՀ՝ կարիք չունին մտահոգուելու։