Ախալցխայի Պատուաւոր Քաղաքացիի Կոչման Արժանի են Բազմաթիւ Հայեր

Այս տարի կը լրանայ չորրորդ տարին, որ Ախալցխայի քաղաքապետարանը Յունիսի 30-ին քանի մը ախալցխացիներու կը շնորհէ պատուաւոր քաղաքացիի կոչում: Անցեալ երեք տարիներուն ընթացքին ոչ մէկ հայ այդ կոչումին արժանացած է եւ նոյնիսկ յայտնուած է  թեկնածուներու ցուցակին վրայ։ Հակառակ անոր, որ Ախալցխայի մէջ կ՚ապրին հազարաւոր հայեր, որոնք բացի 35-40 տոկոս ազգաբնակչութիւն կազմելէ, ունին անհամեմատ մեծ ներդրում Ախալցխայի զարգացման ու կայացման գործին մէջ: Ի զուր չէ, որ այսօր աշխարհի ամենայայտնի ախալցխացին աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրն է:

Այդ իսկ պատճառով՝ Սամցխէ-Ջաւախքի «Մետիա» վերլուծական կեդրոնը պաշտօնապէս դիմած է Ախալցխայի քաղաքապետին, որպէսզի իր կողմէն ձեւաւորած խորհուրդը հաշուի առնէ տուեալ դիմումին փաստը եւ Ախալցխայի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհէ նաեւ իրենց հայ համաքաղաքացիներուն:

Իբրեւ օրինակ, քանի որ որեւէ նախաձեռնող խումբ ըստ կարգի իրաւունք ունի մէկ հոգի ներկայացնելու Սամցխէ-Ջաւախքի «Մետիա» վերլուծական կեդրոնը իր դիմումին մէջ ներկայացուցած է Ախալցխայի քաղաքացի Սերվոբ Յարութիւնեանը, որ կազմակերպութեան կարծիքով արժանի է Ախալցխայի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումին: Դիմումին մէջ նշուած է, որ կազմակերպութիւնը պատրաստ է ներկայացնելու նաեւ բազմաթիւ այլ հայ քաղաքացիներու տուեալներ, որոնք նոյնպէս արժանի են այդ կոչումին:

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017