ԽԱՂԱՂ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն լայն աջակցութիւն ցուցաբերուիլը։
Սերժ Սարգսեան երէկ, Երեւանի մէջ, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արտայայտուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Այս առթիւ ան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը՝ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման առընչութեամբ։ «Հայաստանի դիրքորոշումն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներու հիման վրայ, որոնք հաւասարապէս կ՚առընչուին ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին», ըսաւ ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ընդգծեց հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան աճը կանխելու ուղղեալ պայմանաւորուածութիւններու կատարման, իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման համար պայմաններու ստեղծման կարեւորութիւնը։ Ան հերթական անգամ ուշադրութիւն հրաւիրեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն լայն աջակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութեան վրայ՝ որպէս միջազգային հանրութեան կողմէ միջնորդական լիազօրութիւն ստացած միակ ձեւաչափ։
Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ դարձեալ քննադատեց Պաքուի ընթացքը։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը ձեւով մը, անուղղակիօրէն կը նպաստէ Արցախի ճանաչման։ Ըստ իրեն, Արցախի նկատմամբ միջազգային կառոյցներու հետաքրքրութիւնը աւելցած է։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Ռամազանի առթիւ մէկտեղուեցաւ մահմետական երկիրներու դեսպաններուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն-ներու ղեկավարներուն հետ։ Ան այս առթիւ շօշափեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ալիեւ կրկնեց իր երկրի պաշտօնական դիրքորոշումը՝ դիտել տալով, որ Հայաստան բռնագրաւած է Ատրպէյճանի հողերը, կը խախտէ միջազգային չափանիշները ու կ՚արհամարհէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համապատասխան, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակին մէջ։