ԿԻՈՐԿԻ ՏՈՒՄԱՍԵԱՆ ՄԱԿ-ի ՄԷՋ Վրաստանի Երիտասարդութեան Ներկայացուցիչ

Վրաստանի Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան «ՄԱԿ-ի մօտ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչը» ծրագրին յաղթող ճանչցուած է թիֆլիզահայ Կիորկի Տումասեան:

Քսանմէկ մասնակիցները անցած են երեք նախընտրական փուլ: Երրորդ փուլ անցած մասնակիցները յանձնաժողովին առջեւ ներկայացուցած են հանրային ելոյթ՝ «Challenges facing youth on national and international level - similarities and differences» թեմայով: Յաղթողը ընտրուած է միաւորները ամփոփելէ ետք:

Վրաստանի Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ՝ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր յաջողութեամբ կ՚իրականացնէ «ՄԱԿ-ի մօտ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչը» ծրագիրը:

Երիտասարդութեան ներկայացուցիչներու ծրագիրը կը համարուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յաջող նախաձեռնութիւններէն մէկը: ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովը 1981 թուականին, առաջին անգամ, կոչ ըրած է անդամ երկիրներուն, երիտասարդ պատուիրակները ընդգրկելու երկրի պաշտօնական պատուիրակութիւններու կազմէն ներս:

Ընտրուած մասնակիցը երիտասարդներու հետ կ՚իրականացնէ խորհրդատուութիւններ, հանդիպումներ: Միջոց մը վերջ, երիտասարդութեան ներկայացուցիչը կը մեկնի ՄԱԿ-ի գլխամասային գրասենեակ (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), ուր, իբրեւ Վրաստանի պատուիրակութեան լիիրաւ անդամ, կը մասնակցի Գերագոյն վեհաժողովի երրորդ կոմիտէի ձեռնարկին եւ կոմիտէի լսումներուն, ելոյթ կ՚ունենայ նոյն կոմիտէի նիստին եւ կը մասնակցի երիտասարդութեան մասին որոշումներու մշակման: Երիտասարդութեան ներկայացուցիչը կրնայ մասնակցիլ նաեւ տնտեսական եւ հասարակական խորհուրդի հասարակական զարգացման յանձնաժողովի նիստերուն:

2012-2016 թուականներուն ՄԱԿ-ի մօտ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչներն են. Կիորկի Ճեխանի, Թորնիկէ Զուրապիշվիլի, Լաշա Շաղուլաշվիլի, Մարիամ Սիխարուլիծէ, Թաթիա Տոլիծէ:

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017