​ԹԵՀՐԱՆ ՄԵԾ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՌՋԵՒ

Հազարաւոր յուղարկաւորներ, Յունիսի 9-ին, Ուրբաթ օր, մասնակից դարձան Իրանը հարուածած ծանր ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներու թաղման արարողութեան: Բողոքի շունչ պարունակող թաղման թափօրին հետեւողները բողոքի խօսքեր արտասանելով կը յառաջանային 12 զոհերու դագաղներուն ետեւէն: Անոնք կը վանկարկէին՝ «Մա՛հ Ամերիկային, մա՛հ Բրիտանիոյ եւ մա՛հ Սէուտական Արաբիոյ»: Իրանեան հարցերուն հետեւող կարգ մը վերլուծաբաններ ահաբեկչութեան մասին գրելով կարծիք յայտնած են, որ տեղի ունեցածը նպատակ չունէր մեծ թիւով իրանցիներու կեանքը խլելու, այլ երկրին մէջ ստեղծել տագնապի մթնոլորտ: Խօսելով յատկապէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնադիր Իմամ Խումէյնիի գերեզմանատան մօտ եղած ահաբեկչութեան մասին՝ նոյն վերլուծաբանները յայտնած են, որ եթէ ահաբեկչութիւնը քանի մը օր առաջ տեղի ունենար, ապա պիտի պատճառէր հարիւրաւոր զոհեր, տրուած ըլլալով, որ դէպքէն օրեր առաջ իրանցիք կը նշէին Իսլամական Հանրապետութեան հիմնադիր Այեթուլլահին մահուան 28-րդ տարելիցը:

Յիշեցնելու կարգով նշեմ, որ Իրանի արդի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած Այեթուլլահ 1979 թուականին աքսորէն կը վերադառնար Թեհրան ու բաւական բարդ զարգացումներէ ետք կը յաջողէր տապալել Շահի վարչակարգը եւ իր համախոհներուն հետ կը ստանձնէր երկրի ղեկը: Այսօր Իրանը կը համարուի Միջին Արեւելքի ամենէն հզօր տէրութիւններէն մին, եւ հակառակ Արեւմուտքի հետ իր ունեցած բազմաշերտ տարակարծութիւններուն, Թեհրան կը շարունակէ հանդիսանալ շրջանի կարեւորագոյն խաղացողներէն մին:

Վերադառնալով Թեհրանը ցնցած ահաբեկչութեան՝ նշենք, որ արձանագրուած երեք դէպքերէն ժամեր անց ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) հանդէս կու գար յատուկ յայտարարութեամբ եւ կը ստանձնէր պատասխանատուութիւնը:

Թեհրանի սրտին վրայ գտնուող խորհրդարան մուտք գործած ահաբեկիչները յարձակումէն ժամեր անց կը չէզոքացուէին եւ կը սպաննուէին: Նոյն ժամերուն կը կատարուէին երկու անձնասպանական գործողութիւններ՝ Իմամ Խումէյնիի շիրիմի մերձակայքը: Երկրի պաշտօնական մարմինները արագ քայլերու ձեռնարկելով եւ մասնայատուկ ուժերու օգնութեամբ կարճ ժամանակի մը ընթացքին կը յաջողէին վերահսկողութեան տակ առնել մայրաքաղաքի անվտանգութիւնը:

Իր կարգին, երկրի հոգեւոր առաջնորդը՝ Իմամ Ալի Խամանէյ հանդէս կու գար յայտարարութեամբ, ուր ծանր մեղադրանքներ կը հնչեցնէր Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հասցէին: Այեթուլլահը նաեւ կը յայտարարէր, որ նման արարքներ աւելիով պիտի խորացնեն ատելութիւնը հանդէպ Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ:

Ընթացող զարգացումներէն «հեռու» չմնալու միտումով Սպիտակ տունը յայտատարութեամբ մը կ՚ըսէր. «Իրան ըլլալով ահաբեկիչներուն զօրավիգ կանգնող երկիր մը, կրնայ նոյն այդ ահաբեկչութեան զոհը դառնալ»:

Սպիտակ տան յայտարարութեան հակազդելով իրանեան կողմը դիտել կու տար, որ Միացեալ Նահանգներու նման յայտարարութիւնները անհիմն ու անընդունելի են:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԾ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Այս դէպքերը կը կատարուէին այն պահուն, երբ Միջին Արեւելքի մէջ «պայթած» դիւանագիտական տագնապը մուտք կը գործէր «հունաւորման» փուլ մը: Հունաւորում բառը կ՚օգտագործենք բացատրել փորձելու համար այսօր Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած տագնապը, որուն երկու կողմերն են Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը:

Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն ետք սիւննի աշխարհին մէջ տեղի ունեցած խմորումները եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիա-Քաթար ներքին լարուածութիւնը Քաթարի դէմ «առաջարկուած» ամպարկոյի դրութեամբ կը մտնէր նոր հուն:

Անշուշտ այս լարումը կապ ունի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջինարեւելեան «նոր» մօտեցումներուն հետ. սակայն պատճառը միայն այդ չէ: Այս ներքին լարուածութեան մէջ ամենէն բացայայտը Սէուտական թագաւորութեան «սիւննիներու տէր» եւ մէկ ու միակ ձայն ըլլալու հարցն է: Նոյն առաջադրանքով է նաեւ, որ Ապտըլ Ազիզներու իշխանակարգը պատերազմ կը հռչակէր Եմէնի դէմ (2015թ.)։ Հակառակ առկայ զինուորական առաւելութեան, Ռիատն ու իր դաշնակիցները չյաջողեցան իրագործել իրենց նպատակները:

Այսօր պահանջուածը աւելին է: Սէուտա-ամերիկեան հիմնական պահանջը Քաթարը Իրանէն կտրելն է։ Գործընթաց մը, որ կը թուի ըլլալ բաւական բարդ եւ դժուարութիւններով լեցուն:

Ու յայտարարուած ամպարկոյէն ետք ալ յստակ է նաեւ, որ տեղի ունեցած բոլոր լարումները ցոյց կու տան, թէ ընթացք առած ներսիւննիական այս տագնապը կրնայ բաւական երկար տեւել: Այս մէկը անպայման չի նշանակեր, որ առկայ տագնապը պիտի լուծուի զինուորական ճանապարհով, սակայն Տանըլտ Թրամփի «օրհնութիւն»ը ստացած Ռիատին համար ամպարկոյէն ետդարձի ընտրանքները կը բացակային այնքան ժամանակ, երբ Քաթար վերատեսութեան չ՚ենթարկեր իր կեցուածքները եւ չի դառնար սիւննի մեծ ընտանիքի «հլու հնազանդ» մէկ անդամը:

Խնդիրը այն է, որ յառաջ քաշուած պատճառաբանութիւններուն մէջ կան այնպիսի կէտեր, որոնց պատճառաւ Քաթար ստիպուած է կարեւոր զիջումներու երթալ: Հարցումը այն մասին, թէ սիւննի աշխարհին համեմատ «փոքրիկ» համարուող այս իշխանական «կղզի»ն բաւարար ներուժը ունի՞ դէմ դնելու իր «իւրայիններուն» կողմէ յարուցուած այս տագնապին։ Բոլոր քաթարցիները կը մատնանշեն, որ յառաջիկայ ամիսներուն «պաշարուած» ըլլալու վիճակ մը կրնան ապրիլ:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքար տանելու առաջադրանքով եւ մտահոգութեամբ ընթացք առած այս պայքարին մէջ կայ նաեւ Թեհրան-Ռիատ լուռ հակամարտութեան տարբեր երեսակները: Ու այս առումով է նաեւ, որ Իրանի մէջ պէտք չէ պատահական կամ փոքր ծաւալի համարել տեղի ունեցած դէպքերը, որոնց շարունակուիլը կրնայ բարդ դրութեան մատնել երկիրը:

«ՔՐԴԱԿԱՆ» ՁԵՌՔ ՄԸ՞

Թեհրանի մէջ պատահած ահաբեկչութենէն օրեր ետք Իրանի գաղտնի սպասարկութիւնը կարեւոր յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գար: Ըստ իրանեան մարմիններուն, ահաբեկչութեան մասնակից դարձած է Սերիաս Սատեղի անունով անձը, որ կու գար Իրաքի հետ սահմանակից եւ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակեցուած Բաւէ աւանէն: Այստեղ կը ծագի Սատեղիի պատկանելիութեան կապակցութեամբ հարցում մը։ Արդեօք ան կապ ունէ՞ր երկար տարիներէ ի վեր երկրին մէջ արգիլեալ «Իրանի Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան» հետ, կամ արդեօք ան անդամ է՞ր այդ շրջաններուն մէջ որոշ աշխուժութիւն ցոյց տուող սիւննի ծայրայեղականներու խմբաւորումներուն:

Բացի այս բոլոր տուեալները նշելէ, Յունիսի 12-ին, Երկուշաբթի օր, յստակ կը դառնար, որ իրանեան մարմիններ յաջողած են գտնել ու ապա սպաննել ահաբեկչութեանց գլխաւոր պատասխանատու անձը, որուն անունը չէր յայտարարուեր:

Յստակ է, որ Թեհրանը հարուածած ահաբեկչութիւնը նոր հանգրուանի մը մասին կը խօսի: Այդ հանգրուանը պայմանաւորուած կրնայ ըլլալ ներքին խլրտումներով եւ Իրաքէն դէպի Իրան թափանցած եւ «բնաւորուած» ծայրայեղականներու քայլերով:

Չմոռնանք, որ ԻՇԻՊ-ի «Ահմաք» կայքը դէպքերէն անմիջապէս ետք ու ստանձնելով ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը՝ կը խոստանար, որ տեղի ունեցածը սոսկ «սկիզբ» մըն է ու այդ առումնով իրենք որոշած են յաւելեալ ու նոյնիսկ աւելի մեծ ծաւալի արարքներով հանդէս գալ:

Իրանի մէջ տեղի ունենալիք զարգացումները կապ ունին մէկ կողմէ Թեհրան-Տոհա-Անգարա նոր երեւացող դաշինքին եւ միւս կողմէ՝ շիիներու հզօրագոյն երկրի ներքին միասնութեան հետ: Պէտք չէ մոռնալ, որ երկար տարիներու ներքին դիմադրողականութեան տարբեր ենթաշերտեր ունեցող Իրանը առաջին անգամը չէ, որ նման քննութեան մը առջեւ կանգնած է, սակայն փաստ է, թէ այս անգամուան քննութիւնը դժուար պիտի ըլլայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017