ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԵԶՐԱՓԱԿԵՑՈՒԵՑԱՒ ԿԱՆԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻ 19-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած «Կանանց լսարան»ը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները, Անթիլիասի վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամով։ Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը, իսկ աւարտին, ներկաները առիթն ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները։

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։ Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց այս տարեշրջանի աշխատանքները եւ  դիտել տուաւ, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն կը հետեւի լսարանին՝ անոր աշխատանքներուն, ծրագիրներուն ու գործընթացին։

Ապա, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին սկսաւ անդրադառնալով եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան ու դիտել տուաւ, որ երկուքին միջեւ հեռաւորութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենայ։ Մեկնելով Յիսուսի օրինակէն՝ ան նշեց, որ Քրիստոս երեք տարի ժողովուրդին մէջ ապրելով մօտէն հետեւեցաւ անոր առօրեային եւ այդ իսկ պատճառով Աւետարանին մէջ կը տեսնենք մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող առակներ ու դէպքեր։ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց, որ թէկուզ մենք կը ծնինք քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, սակայն մկրտութեամբ քրիստոնեայ կը դառնանք, իսկ միայն Յիսուսի ճամբէն քալելով, մաս կազմելով Անոր ու հաղորդուելով Անկէ, կը վերածուինք իսկական քրիսոտոնեաներու։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ եկեղեցին քարեղէն կառոյցը չէ, այլ ժողովուրդը ինքն է ու հարկ է Քրիստոսի մեր հաւատարմութիւնը վերանորոգենք ու վերահաստատենք, որպէսզի կարողանանք մօտենալ Աստուծոյ, որ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց՝ մարդը փրկելու ադամական մեղքէն։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին առիւծի բաժինը նուիրեց հայ ընտանիքին, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ փոքր եկեղեցի է, հետեւաբար, սրբութիւն է ան եւ այս մօտեցումը պէտք է ունենանք հայ ընտանիքներուն նկատմամբ, ըսաւ ան։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ ազգային դաստիարակութեան համար հայ մօր առանցքային դերակատարութեան ու յայտնեց, որ ընտանեկան կրթութիւնը հիմքն է ազգային կրթութեան եւ որքան տոկուն ըլլայ ընտանիքը, նոյնքան տոկուն կ՚ըլլայ ազգը։ Բաղդատելով հայ ընտանիքներու անցեալի պայմանները ներկայ պայմաններուն հետ, ան յորդորեց հայ ընտանիքները, ի մասնաւորի հայ մայրերը, հաստատ մնալու իրենց հայեցի կրթութեան եւ հայկական ու քրիստոնէական արժէքներու փոխանցման մէջ, ու նկատել տուաւ, որ թէկուզ փոքրիկները իրենց տարիքի բերումով կրնան եկեղեցւոյ մէջ անհանդարտ մնալ, սակայն ժամանակի ընթացքին ու համբերութեամբ անոնց կրնանք սորվեցնել եկեղեցւոյ նիստուկացի օրէնքները, հետեւեբար պէտք չէ զրկել մեր մանուկները եկեղեցիէն, այլ պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, որ կ՚ըսէ՝ «ձգեցէք մանուկները ինծի գան»։

Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբը, ինչպէս նաեւ անոր օգնական հայր սուրբը եւ լսարանի մասնակիցները։

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ աջահամբոյրով եւ յիշատակի խմբանկարով։

Միւս կողմէ, կանանց լսարանը տեղի կ՚ունենայ ամէն երեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ։ Լսարանին զուգահեռ տեղի կ՚ունենան նաեւ հիւրասիրութիւններ եւ ազգային ու եկեղեցական աւանդութիւններու տօնախմբութիւններ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019