ՆՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար նշանակեց Զարեհ Սինանեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վերջին իշխանափոխութեան զուգահեռ կառավարութեան կառուցուածքին մէջ ալ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ նախարարութեան թիւը կրճատուեցաւ եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի։ Ըստ նախատեսուած նոր դրութեան, ուղղակիօրէն վարչապետին կապուած ըլլալով պիտի աշխատի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը։ Այս պաշտօնին առաջին կոչուած անունը կը հանդիսանայ Զարեհ Սինանեան, որ Երեւանի մէջ ծնած է եւ գաղթած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մօտաւոր անցեալին Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը վարած եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամութենէն ալ բոլորովին վերջերս այս նոր պաշտօնը ստանձնելու համար հրաժարած անուն մըն է Զարեհ Սինանեան, որ արդէն Երեւան մեկնած է ձեռնարկելու համար իր նոր առաքելութեան։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Զարեհ Սինանեանը եւ այդ հանդիպման ընթացքին շեշտեց, որ սփիւռքի պարագային որդեգրուած քաղաքականութիւնը պէտք է դառնայ աւելի արդիւնաւէտ։ Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, սփիւռքի պարագային քաղաքականութեան հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ սփիւռքը առաւել մեծ ներգրաւուածութեամբ մասնակից դարձնել Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական, հանրային ու քաղաքական կեանքին։ Սա կը վերաբերի նաեւ ընդհանրապէս հայկական նոր օրակարգի ձեւաւորման եւ այդ օրակարգի իրագործման աշխատանքներուն։

Իր կարգին, Զարեհ Սինանեանն ալ ընդգծեց, որ սփիւռքը Հայաստանին տեսակէտէ կը ներկայացնէ պատրաստ ներուժ մը եւ այդ մէկը պէտք է օգտագործել ի շահ Հայաստանի։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ սփիւռքի յարատեւման, ուժեղացման երաշխաւորն է։ Այստեղ ալ շատ խնդիրներ կան եւ ես չեմ կասկածիր, որ այսօրուան Հայաստանը պատրաստ է նեցուկ կանգնիլ իր սփիւռքի հայրենակիցներուն, ինչպէս որ սփիւռքի մեր հայրենակիցները պատրաստ են աջակցելու Հայաստանին եւ Արցախին», ըսաւ հանդիպման ընթացքին Զարեհ Սինանեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան եւ Զարեհ Սինանեան քննարկեցին գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ապագայ գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019