ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Պատմութեան հիմնարկը (Tarih Vakfı) վերջերս լոյս ընծայած է գիրք մը, որ կը վերաբերի Լոզանի դաշնագրի ստորագրումէն ի վեր Արեւմտեան Թրակիոյ փոքրամասնական վարժարաններու կացութեան։ Հարկ է նշել, որ 2002 թուականէն ի վեր Պատմութեան հիմնարկը հետազօտութիւններ կ՚իրականացնէ կրթական բնագաւառին մասին։ Ներկայիս լոյս տեսած աշխատանքը մաս կը կազմէ այս շարքին։ Հիմնարկին կողմէ գիրքի մը ձեւաչափով հրատարակուած են համապատասխան ուսումնասիրութեան արդիւնքները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ այս գիրքին համար նախատեսուած է նաեւ շնորհանդէս մը։

Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնը խոշորացոյցի տակ կը բերէ Արեւմտեան Թրակիոյ փոքրամասնական լիսէներն ու միջնակարգերը, ինչպէս նաեւ նախակրթարանները, որոնք վերջին տարիներուն օրակարգի վրայ կու գան աւելի շատ փակման վէճերով։ Տարածքաշրջանէ ներս կրթական կեանքի ինչպէս անցեալը, այնպէս ալ ներկան կ՚առնուին խոշորացոյցի տակ։

1923 թուականին ստորագրուած Լոզանի դաշնագրով փոքրամասնական հաստատութիւնները թէեւ պաշտպանութեան տակ առնուած են սակայն Արեւմտեան Թրակիոյ թուրքերը միայն երեսուն տարի անց կրցած են ունենալ իրենց միջնակարգերն ու լիսէները։ Այդ տարածքաշրջանի թրքական կրթական հաստատութիւնները ուղղակիօրէն ազդուած են նաեւ Լոզանի դաշնագրի ստորագրման անմիջապէս յաջորդած Թուրքիոյ տառերու յեղափոխութենէն։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ լատինական այբուբենը սկսած է օգտագործուիլ կրթութեան համար։ Արեւմտեան Թրակիոյ թրքական դպրոցներու պարագային սա հին եւ նոր տառերու միջեւ պառակտման մը պատճառ դարձած է։ Ուսումնասիրութիւնը նկատի կ՚առնէ նաեւ այն հանգամանքը, որ փոքրամասնական վարժարաններու կրթական գործունէութիւնը ինչպէս ուղղակիօրէն ազդեցութիւն գործած է Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Ուսումնասիրութիւնը անտես չէ առած նաեւ միակողմանիօրէն ձեւաւորուած այն քաղաքականութիւնը, որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ զգալի դարձած է եւ որու նպատակը եղած է երկարաժամկէտ ձեւով անհետացնել փոքրամասնական կրթութիւնը։ 2000-ական թուականներուն այս անարդարութիւններու հետեւանքները յարաբերաբար յաղթահարելու հետամուտ ծրագրեր կեանքի կոչուիլ սկսած են։ Ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է նաեւ այդ նախագծերու գործադրութեան վրայ։

Այս բազմակողմանի գործի հեղինակն է ընկերաբան Տքթ. Սեպահատտին Ապտուրրահման, որ նախակրթութիւնը ստացած է Կիւմիւլճինէի մէջ։ Գիրքը առանձին բաժիններու մէջ կ՚ուսումնասիրէ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրքերու՝ որպէս փոքրամասնական հաւաքականութիւն պատմութիւնը, փոքրամասնական կրթութեան պարագային ժամանակաշրջանային իրադարձութիւնները, Արեւմտեան Թրակիոյ փոքրամասնական կրթութեան դպրոցները, այդ դպրոցներու կարգավիճակներն ու ղեկավարումը, անոնց մանկավարժները եւ նոյնպէս այդ դպրոցներու ծրագրերն ու կրթական առարկաները։

Այս ուսումնասիրութիւնը, բնականաբար, առանձնապէս ուշագրաւ կը համարուի, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններն ալ երկար տասնամեակներ փոխադարձութեան մէջ ընկալուած են Արեւմտեան Թրակիոյ փոքրամասնական դպրոցներուն հետ։ Թրքահայ վարժարաններն ալ ուղղակիօրէն ենթարկուած են համապատասխան խնդիրներուն։ Հետեւաբար, պատմական հոլովոյթի վերաբերեալ այս ուսումնասիրութիւնը ինքնին կը ներկայացնէ կարեւորութիւն։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019