«ՔԱՐՄԵՆ» ՕՓԵՐԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Երեւանի Օփերայի թատրոնի արուեստագէտները երաժշտասէրներուն հրամցուցին առցանց հարթակի վրայ «Քարմեն» ներկայացումը։ Այսպէս, «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի արուեստագէտները համացանցի վրայ հրապարակեցին տեսանիւթ մը, որու մէջ հանդիսատեսուն յանձնարարեցին առցանց հարթակի վրայ դիտել ֆրանսացի աշխարհահռչակ յօրինող Ժորժ Պիզէի «Քարմեն» օփերայի ներկայացումը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ներկայացումը օփերայի թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ հեռարձակուեցաւ յունիսի 12-ին:
Տեսանիւթին մէջ «Քարմեն» օփերայի բեմադրիչ Նաիրէ Ստեփանեանը, Քարմենի եւ Խոսէի դերակատարներ՝ Կարինէ Բաբաջանեանն ու Լիպարիտ Աւետիսեանը կը նշեն, որ այս օրերուն բոլորը կը փորձեն յարմարիլ կեանքի նոր կանոններուն եւ իրենք վստահ են, որ հասարակութիւնը նոյնպէս կարօտցած է թատրոնը, եւ, քանի որ չեն կրնար բոլորը հրաւիրել թատրոն, առցանց հարթակի շնորհիւ թատրոնը կը բերեն երաժշտասէրներու տուն:
«Քարմեն» օփերան առաջին անգամ բեմադրուած է 1875 թուականի մարտի 3-ին Փարիզի «Օփերա Քոմիք» թատրոնին մէջ: Օփերան սկզբնական շրջանին սուր քննադատութեան ենթարկուած է, սակայն 1875 թուականի հոկտեմբերին բեմադրուած է Վիեննայի մէջ, որմէ վերջ սկսած է «Քարմեն»ի համաշխարհային հռչակը: Տակաւին 1880 թուականին Փիոթր Չայքովսքին կանխատեսած է, որ Պիզէի «Քարմեն»ը միշտ կրնայ ըլլալ աշխարհի մէջ ամենահռչակաւոր ու ամենասիրուած օփերան:
«Քարմեն» օփերան Հայաստանի մէջ առաջին անգամ բեմադրուած է 1924-ին Լենինականի (ներկայիս՝ Կիւմրի) օփերա-օփերեթային թատրոնին մէջ, իսկ Երեւանի օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ՝ 1934-ին։