ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան տեղեկացուց, որ Թուրք զինեալ ուժերը գործողութիւններու ձեռնարկած են Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Թուրքիա՝ միջազգային իրաւունքէ ծագում առած իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքներուն ուղղութեամբ հերթական անգամ գործողութիւն կ՚իրականացնէ ահաբեկչական լծակներու դէմ։ Այս գործողութիւններուն նպատակն է երաշխաւորել երկրի սահմաններու անվտանգութիւնը։ Արդարեւ, վերջին շրջաններուն սահմանային յենակէտերուն դէմ յարձակումներն ու սադրանքները աւելցած էին ահաբեկիչներու կողմէ։

Ներկայիս ռազմաօդային ուժերը լայնածաւալ ռմբակոծումներ կը կատարեն Սինճարի, Քարաճաքի, Քանտիլի, Զափի, Աւշին-Պասիանի եւ Հաթրութի մէջ։

Հրամանատարական կեդրոնէն գործողութիւններու ընթացքը կը վերահասկեն Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը։ Շուրջ երեսուն «Ֆ-35» ռազմաօդանաւեր, նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր կը մասնակցին այս գործողութիւններուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020