ԵՐԹԵՒԵԿԻ ԱՐԿԱԾ ՄԸ

Մեր համայնքի անդամներէն Արթուն Էրզուրումլուօղլու երէկ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Դէպքը առաւօտեան ժամերուն պատահեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հաղորդումներով, Ճատտէպոստանի «Operatör Cemil Topuzlu» պողոտային վրայ Արթուն Էրզուրումլուօղլուի 34 CCU 148 մակնիշով ինքնաշարժը դուրս եկաւ հակակշիռէ։ Արթուն Էրզուրումլուօղլու, որ ինքնաշարժի ղեկին կը գտնուէր, սարսափելի արկածէն վերջ իր հնարաւորութիւններով դուրս եկաւ ինքնաշարժէն։ Շուրջիններն ալ անմիջապէս փութացին օգնութեան։ Շտապօգնութեան կողմէ Արթուն Էրզուրումլուօղլու փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։

Ականատեսներու վկայութեամբ, ինքնաշարժը չափազանց սրընթաց կ՚ընթանար եւ այդ պայմաններուն ներքեւ ալ պատահած է ցաւալի դէպքը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020