ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի հանգուցեալ պալէի արուեստագէտ Վահագն Մարգարեանի անունը կրող մշակութային օճախը, որ կը գտնուի Ապագայ համայնքին մէջ, կը վերանորոգուի եւ նոր շունչ կը ստանայ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ մշակոյթի տան վերանորոգումը կ՚իրականացուի դրամաշնորհի ծրագրի շրջանակներէն ներս: Պետութիւն-համայնք-մասնաւոր եռակողմ ծրագրի ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 14 միլիոն 169.37 հազար դրամ, որմէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն տրամադրուող դրամաշնորհի չափաբաժինը 35 առ հարիւր է՝ 4 միլիոն 959.28 հազար դրամ, համայնքի մասնակցութիւնը՝ 45 առ հարիւր՝ 6 միլիոն 376.22 հազար դրամ եւ մասնաւորի կողմէ ներդրումը՝ 20 առ հարիւր՝ շուրջ 2 միլիոն 834 հազար դրամ:

1973 թուականին կառուցուած մշակոյթի տունը գործած է մինչեւ 90-ական թուականները՝ համայնքին մէջ աշխոյժ պահելով մշակութային կեանքը: 90-ականներէն յետոյ շէնքի տանիքը, յատակն ու գոյքը ամբողջութեամբ վնասուած են: Իսկ արդէն 2009-2019 թուականներուն համայնքային պիւտճէի միջոցներով մշակոյթի տունը մասնակի վերանորոգուած է՝ ապահովուելով յետագայ քայքայումներու դէմ:

Սոյն ծրագրի շրջանակին մէջ կը նախատեսուի ստեղծել բարենպաստ շէնքային պայմաններ արտադպրոցական խումբերու, գրադարանի գործունէութեան եւ համայնքին մէջ մշակութային կեանքի վերակենդանացման համար: «Իմ քայլը» հիմնադրամի գանձատրումով ալ այս տարի կը վերականգնուի եւ կ՚ամրակայուի Ապագայի մշակոյթի տան նախասրահին մէջ գտնուող ժողովրդական նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի՝ 1974-ին հեղինակած «Սասունցիներ» որմնանկարը (18x3.70 մեթր), որ ունի հանրապետական նշանակութեան նորայայտ յուշարձանի կարգավիճակ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020