ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը մտահոգիչ բեւեռացումի մը թատերաբեմը կը հանդիսանայ։ Աղմկալի դէպքեր, զգայացունց իրադարձութիւններ եւ սարսափելի պնդումներ կը յաջորդեն իրարու։ Իշխանափոխութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ երկրի ներքին քաղաքական կեանքը հերթական ցնցումներու գրաւին տակ կը գտնուի։ Իշխանութիւնները վերջին քսան տարիներուն պատահած ապօրինութիւններուն եւ զեղծումներուն շուրջ վճռակամօրէն տրամադրուած են, կը ձգտին զանոնք բացայայտել եւ հնարաւորինս հաւասարակշռել պետութեան կրած վնասները։ Այս ուղղութեամբ ունին նաեւ հասարակութեան որոշ զօրակցութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, խնդիրը սահմանափակուած չի մնար այսքանով։ Գործողութիւնները եւ միջամտութիւնները այնպիսի ժամկէտներով կը կատարուին, որ արդէն քաղաքական երանգ կամ բնոյթ կը ստանան կամայ ու ակամայ։ Ընդդիմադիր շրջանակներն ալ ահազանգ կը հնչեցնեն գործերու քաղաքականացուած ըլլալու պատճառով։

Այս ամբողջին մէջ շաբաթավերջին աղմկարար հերթական իրադարձութիւնները տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) երէկ առաւօտեան ժամերուն շարժման անցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի դէմ։ Երեւանի արուարձաններէն Առինջի մէջ, Գագիկ Ծառուկեանի դղեակէն ներս տեղի ունեցան խուզարկումներ։ Աւելի վերջ ալ Ծառուկեան տարուեցաւ ԱԱԾ-ի կեդրոնը, ուր հարցաքննուեցաւ շուրջ ութ ժամ եւ դուրս գալու ատեն յայտարարեց, որ իր դէմ ձեռնարկուած քայլերը քաղաքական դրդապատճառներ ունին։ Երկրի իշխանութեան ներկայացուցիչները թէեւ քաղաքական հետապնդում չհամարեցին այս իրադարձութիւնները, սակայն Գագիկ Ծառուկեանի դէմ առնուած քայլերը պոռթկում յառաջացուց կուսակցութիւններու եւ համակիրներու լայն շրջանակի մը մօտ։ Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր։ Ծառուկեանի կուսակցութեան երեսփոխաններն ալ մասնակցեցան նստացոյցերու։ Ոստիկանութիւնը խիստ միջոցներ ձեռք առաւ եւ յամառօրէն պահանջեց ցուցարարներու ցրուիլը։

Պատկան մարմինները պետութեան վնաս հասցնելու մեղադրանքներ հասցէագրած են Ծառուկեանին։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020