Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՆՈՐ ԹԻՒԵՐ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիա նպատակէն կը շեղի։ Երէկ հրապարակուած վերջին վիճակագրական տուեալներն ալ եկան արդարացնել վերջին օրերու մտահոգիչ հաւանականութիւնները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ 45 հազար 176 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1562 նոր վարակեալ։ Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ առողջացած հիւանդներու թիւը արդէն աւելի նուազ դարձած է՝ քան նոր հաստատուած դէպքերը։ Այս իրավիճակին մէջ աւելցած է նաեւ թիւը այն հիւանդներուն, որոնք խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուին եւ կամ արհեստական շնչառութեան ենթակայ են։
«Մեր ամենախոցելի կողմն է անզգոյշ լաւատեսութիւնը։ Զգուշանալով լաւատես ըլլանք», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։
Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020