ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
Հանգուցեալ տուրքի ախոյեան Մաթիլտ Մանուկեանի թողած ժառանգութեան վերաբերեալ տարաձայնութիւնները միշտ կը մնան օրակարգի վրայ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր այս ամբողջին վերաբերեալ նոր իրադարձութեան մը արձագանգ հանդիսացած է։
Մաթիլտ Մանուկեանի միակ ժառանգորդը՝ Քերովբէ Չիլինկիր (80) ամուսնացած է Նեսլիհան Քահրամանի հետ, որ իրմէ 40 տարեկան աւելի փոքր է։ Քերովբէ Չիլինկիրի դուստրը՝ Տորա Չիլինկիր դատական իշխանութիւններուն դիմած է խորթ մօրը դէմ։ Ան պահանջած է ամուսնութեան ջնջուիլը՝ պատճառաբանելով, որ իր հօրը մտային առողջութիւնը տեղը չէ։ Տորա Չիլինկիր աւելի վերջ դարձեալ դատական իշխանութիւններուն դիմած է՝ յայտնելով, որ իր հայրը վատ անձերու թիրախը դարձած է։ Ըստ թերթի հաղորդած մանրամասնութիւններուն, զանազան ատեաններ արձակած են զանազան վճիռներ։ Տորա Չիլինկիր հետեւողական եղած է իր պահանջներուն մէջ։
Այս բոլորէն վերջ Իսթանպուլի 11-րդ Պատժական ատեանը արձակած է վճիռ մը, որու հիման վրայ, ապացոյցներու ալ լոյսին տակ, դատախազութիւնը որոշած է, որպէսզի Քերովբէ Չիլինկիր պաշտպանութեան տակ առնուի։