ԵԼՔ ԿԱՅ, ԱՌԱՆՑ ԻՆՔՆԱՈՉՆՉԱՑՄԱՆ

Հիմա արդէն, կը կարծեմ, ոեւէ մէկը այլեւս չի կասկածիր, թէ այս ընտրութիւններուն առաւել ձայներ հաւաքելիք Փաշինեանն ու Քոչարեանը, տոկոսային առումով մօտիկ ցուցանիշներ ունենալով, յունիսի 21-ին կը յայտարարեն, որ իրենք «յաղթած են» եւ փողոցային ցոյցերու միջոցաւ կը փորձեն հաստատել իրենց այդ պնդումները։ Գուցէ կողմերէն մէկը յաջողի քոալիսիոն մը կազմել, բացառուած չէ նաեւ, որ սա տեղի չունենայ եւ անոնցմէ մէկը աւելի շատ ձայն ստանայ երկրորդ փուլին։ Բայց, անկախ բոլոր հանգամանքներէն, վստահ եմ, թէ պարտուած կողմը ինքզինք պարտուած չի ճանչնար եւ իր կողմնակիցները (ինչպէս նաեւ իր ձեռքի տակ ունեցած քրէական տարրերը) դուրս կը բերէ փողոց եւ բախումներ կը հրահրէ։ Այսպէսով մօտակայ ամիսներու կտրուածքով այս ընտրութիւնները, անկախ ելքէն, չեն ապահովեր երկրի կայունութիւնը։

Իմ այսպիսի կանխատեսումներուն ի պատասխան՝ մարդիկ սովորաբար կ՚արձագանգեն. «Միթէ ամէն ինչ այսքան վա՞տ է, եւ որեւէ ելք չկա՞յ»։ Ես ելք, այնուամենայնիւ կը տեսնեմ, բայց ոչ այս պահուն։ Այս ընտրութիւններուն յաջորդելիք անխուսափելի ցնցումներէն յետոյ կու գայ կայունացման շրջանը։ Ո՞ր ճանապարհով, իմ կարծիքով, կրնայ տեղի ունենալ։ Ինձ կը թուի, թէ այս բանի նախապայմաններէն մին է, որ Հայաստանի չորս ղեկավարները (ստանալով անձեռնմխելիութեան երաշխիքներ) իրենց մէջ ուժ գտնեն ետքայլ կատարելու եւ յայտարարեն, որ այլեւս աշխոյժ քաղաքականութեամբ պիտի չզբաղին, որեւէ պաշտօնի կամ լիազօրութեան չեն յաւակնիր ու համաձայն են, թէ գործող խորհրդարանի վերահսկողութեան տակ աշխատի թեքնոքրատներու ապակուսակցական կառավարութիւն մը։ Այդ անցումային շրջանին՝ մէկուկէս-երկու տարի կը մշակուի նոր սահմանադրութիւն մը (թերեւս նախագահական կամ կիսանախագահական կառավարման համակարգով, բայց ուժեղ խորհրդարանով), որմէ յետոյ կ՚իրականացուին միաժամանակեայ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ, որոնց, բնականաբար, նշուած չորս ղեկավարները չեն մասնակցիր։ Մինչ այդ խորհրդարանը կը յստակեցնէ օրէնքը՝ նախկին առաջին դէմքերու անձեռնմխելիութեան մասին, ինչ որ պիտի բացառէ նոր իշխանութեան վրէժխնդրութիւնը կամ հաշուեյարդարը անոնց դէմ։ Ըստ էութեան, շատերը, ներառեալ՝ առաջին նախագահը եւ գործող նախագահը, նման բան մը կ՚առաջարկէին, բայց հիմնական քաղաքական ուժերուն կը թուէր (եւ, ցաւօք, հիմա ալ կը թուի), որ ընտրութիւններու միջոցաւ իրենք կու գան իշխանութեան գլուխ, բոլոր հակառակորդներու ատամները կը ջարդեն եւ այդ բանէն յետոյ կու գայ կայունացման ժամանակաշրջան։ Ցաւօք, անոնք իրականութեան մասին համաչափ պատկերացում չունին։

Բայց այդ ամէնը ապագայի, աւելի ճիշդ՝ ցանկալի ապագայի խնդիր է։ Այս պահուն այդ ամէնը ֆանթասթիք կը թուի. Փաշինեանի եւ Քոչարեանի գործելակերպը այն մասին կը խօսի, որ անոնք պատրաստ են պայքարիլ յանուն իշխանութեան «մինչեւ վերջ»։ Բայց երբ այդ վերջը ի յայտ գայ՝ քաղաքացիական բախումներու տեսքով, գուցէ անոնք գիտակցին, որ բանական լուծումը վերջնական ինքնաոչնչացման եւ պետականութեան կորուստէն խուսափիլն է։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021