ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՆԱԹՕ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼԷ ՎԵՐՋ ԱՆՑԱՒ ՊԱՔՈՒ

Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Սա միջազգային օրակարգի գլխաւոր իրադարձութիւնն էր, որու վրայ կեդրոնացաւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը։ Գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր, նախագահ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութթէի, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ։ Այս բոլոր շփումներու ընթացքին Էրտողանին ընկերացան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։ Թէ՛ Պայտընի եւ թէ Մաքրոնի հետ տեղի ունեցած հանդիպումներէն առաջ արդէն հաղորդուած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը օրակարգի վրայ պիտի գտնուէր։ Այդ երկու ղեկավարներուն հետ ալ տեղի ունեցած զրոյցներէն վերջ պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ մասնաւոր անդրադարձ չէ կատարուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Յամենայնդէպս, հաղորդումներուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ այդ տեսակցութիւնները եղած են շատ դրական։ Սա կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Անգարա վերջին շրջանին թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Փարիզի հետ լուրջ տարակարծութիւններ ունի։ Նման դրական հրապարակումներ եղած են նաեւ Էրտողան-Միցոթաքիս զրոյցի լոյսին տակ։

Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին ընթացքին Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը, նաեւ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ամփոփեց բոլոր շփումները։ Հանրապետութեան նախագահը ասուլիսին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան ընդգծեց, որ թէեւ երեսուն տարի յապաղումով, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած է արդարութիւնը։ Իր խօսքով, տարածքաշրջանէ ներս յոյսերը վերակենդանացած են։

Հայաստանեան աղբիւրներն ալ արձագանգ հանդիսացած են Էրտողանի յայտարարութիւններուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ հայաստանեան աղբիւրները արձագանգած են նախագահի խօսքերուն, ըստ որոնց տարածքաշրջանէ ներս հակամարտութիւնը փոխարինուած է բարգաւաճումով եւ մշտական խաղաղութեամբ։ «Մենք անհրաժեշտ կը համարենք, որ այն գործողութիւնները, որոնց մենք կ՚աջակցինք մեր երկրի սահմաններէն դուրս, կը ստանան դաշինքի աշխոյժ աջակցութիւնը», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրներու համայնապատկերին վրայ ՆԱԹՕ-ի կարեւորութիւնը կ՚աճի։

Պրիւքսելի շփումները աւարտելէ վերջ, նախագահ Էրտողան ուղեւորուեցաւ Պաքու։ Ան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով։ Բուն բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Շուշիի մէջ, ուր երկու երկիրներու միջեւ կը ստորագրուին շարք մը համաձայնագրեր։ 

Միւս կողմէ, վաղը Ժընեւի մէջ նախատեսուած է Ճօ Պայտընի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Պայտըն-Փութին ժամադրութեան ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021