ՆՈՐ ԿՐԹԱՀԱՄԱԼԻՐ

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Անաթոլ Ֆրանս» ֆրանսական կրթահամալիրի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Սա Հայաստանի միակ ֆրանսական կրթահամալիրն է, որ 2007 թուականէն ի վեր կը գործէ եւ ունի 260 աշակերտ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերանորոգեալ կրթահամալիրի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր Արտերկրի ֆրանսական կրթութեան գործակալութեան տնօրէն Օլիվիէ Պռոշէ, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Արթուր Մարտիրոսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021