ՆՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Վաքըֆներու խորհուրդէ ներս փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի պաշտօնին մէջ այս օրերուն տեղի ունեցած է հերթի փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, հրեայ համայնքէն Մորիս Լեւիի փոխարէն այդ պաշտօնին կոչուած է ասորի համայնքէն Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշը։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը ներկայացուին յատուկ ներկայացուցիչով մը։ Հերթով պաշտօն կը ստանձնէ այդ ներկայացուցիչը։ Ինչպէս ծանօթ է, առաջին ներկայացուցիչը եղած էր յոյն համայնքէն Լաքի Վինկաս, որ պաշտօնավարած էր երկու շրջան։ Յաջորդած էր թրքահայ համայնքէն Թորոս Ալճան, որ շրջան մը պաշտօնավարելէ վերջ հերթը փոխանցած էր հրեայ համայնքէն Մորիս Լեւիին։ Այս վերջինը շուրջ երեքուկէս տարիէ ի վեր կ՚իրականացնէր այդ առաքելութիւնը։ Մորիս Լեւի վերջին շրջանին վերընտրուած էր։ Փոքրամասնական համայնքներու վարչայինները հաւանութիւն տուած էին, որպէսզի ան երկրորդ շրջան մը եւս մնար այդ առաքելութեան գլուխը։ Բայց եւ այնպէս, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, այդ վերընտրութենէն վերջ իր պարագային տարիքի խնդիր մը յառաջացած է եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջանակները յարմար դատած են փոփոխութեան մը ձեռնարկել։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թէեւ դարձեալ ընտրութեան մը անհրաժեշտութիւնը կրնար ըլլալ, սակայն երկու հանգամանք հաշուի առնելով յարմար դատուեցաւ Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշըի ուղղակիօրէն պաշտօնի ձեռնարկելը։ Այսպէս, առաջին հանգամանքը այն էր, որ փոքրամասնութիւնները ներկայացնելու հերթը արդէն հասած է ասորի համայնքին։ Բաց աստի, Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշը արդէն ընտրուած անձ մըն էր՝ որպէս Մորիս Լեւիի օգնականը կամ պահեստին։ Այս բոլորի լոյսին տակ, արդէն առանց նոր ընտրութեան մը՝ Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշը ձեռնարկեց իր պաշտօնին։

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակը այս առաւօտ պաշտօնապէս տեղեկացուց այդ հերթի փոփոխութիւնը՝ հրապարակելով նաեւ Ուսթապաշըի կենսագրութիւնը։ Այսպէս, ան 1972 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ։ 1994 թուականին աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Կառավարման բաժինը։ Ինքնաշարժներու արտադրութեան ընկերութենէ մը ներս կը զբաղեցնէ բարձր պաշտօն մը։ Միեւնոյն ժամանակ, Պէյօղլուի Ս. Մարիամ Աստուածածին ասորի եկեղեցւոյ մատակարար մարմնի ընտրեալ անդամներէն է։ 2017 թուականի դեկտեմբերին տեղի ունեցած ընտրութեան ժամանակ ընտրուած էր պահեստի, երբ Մորիս Լեւի կը կոչուէր պաշտօնի։ Ներկայիս կը յաջորդէ Մորիս Լեւիին։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021