150-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայկական երաժշտական աշխարհի երախտաշատ հսկաներէն Ալեքսանդր Սպենդիարեան ներկայիս կ՚ոգեկոչուի իր ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին բերումով։ Այս առթիւ Երեւանի մէջ նախատեսուած է ձեռնարկներու շարք մը։ Մեծանուն երգահանի անուան ձօնուած երաժշտական դպրոցէն ներս կը նախատեսուին համերգներ եւ իր ժառանգութիւնը ծանօթացնելու ուղղեալ ծրագրեր։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի յոբելեանին առթիւ բազմաբովանդակ ձեռնարկները սահմանափակ պիտի չմնան Հայաստանով, արտասահմանի մէջ ալ նախատեսուած են շարք մը ծրագրեր։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ կնքուեցաւ ու պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակը» անուանուած դրոշմաթուղթը։ «Աշխարհահռչակ հայեր» շարքին մաս կը կազմէ այս նամականիշը։ Հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կնքուեցաւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ թողարկուած դրոշմաթուղթը։

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ 2020-2021 թուականներու հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին վրայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021