ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆԻՆ ԿՈՉՈՒՄ

Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայազգի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, երէկ Երեւանի մէջ արժանացաւ շարք մը կոչումներու։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի գիտական խորհուրդի հանդիսաւոր նիստի ընթացքին իրեն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։ Համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան ողջունեց Արտեմ Փաթափութեանը եւ ընդգծեց, որ հաւաքոյթը առանձնայատուկ է, որովհետեւ դարաւոր համալսարանի դահլիճէն ներս հանդէս կու գայ հայկական ծագումով միակ Նոպէլեան մրցանակակիրը։

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան ալ Արտեմ Փաթափութեանին շնորհեց պատուոյ անդամի կոչում։

Միւս կողմէ, երէկ հանդիսաւորապէս կնքուեցաւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ թողարկուած Արտեմ Փաթափութեանի նամականիշը։ Հարկ է նշել, որ այս դրոշմաթուղթը մաս կազմած է «Աշխարհահռչակ հայեր» շարքին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2022