ԻՐԱՆ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած միջազգային համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Վիեննայի մէջ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան այս համաձայնութեան կապակցութեամբ։ Մոկերինի յայտնեց, որ օրը պատմական է։ Ըստ իրեն, շնորհիւ համարձակութեան, քաղաքական կամքի ու փոխադարձ յարգանքի ապահոված են այն ինչ, որ աշխարհ կը յուսար։ Սա կը նշանակէ խաղաղութեան ուղղեալ հասարակաց խոստում մը եւ աւելի անվտանգ աշխարհի մը համար միասնականութիւն։ Մոկերինիի խօսքերով, բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուած են շնորհիւ մասնակից բոլոր կողմերու շինիչ դիրքորոշման, պատուիրակութիւններու ճարտարութեան ու նուիրուածութեան եւ այսպէսով լուծուած է խնդիր մը, որ կը շարունակուէր տասը տարիէ աւելի ժամանակէ մը ի վեր։
Սոյն համաձայնութեան առընչութեամբ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա երէկ առաւօտ Սպիտակ տան մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, իր կողքին ունենալով Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընը։ Ան ըսաւ, որ ԱՄՆ եւ իր միջազգային գործընկերները մեծ յաջողութիւն մը արձանագրած են շուրջ երկու տարի տեւած բանակցութիւններու արդիւնքին։ Ըստ իրեն, Իրանի հետ հասած են ծաւալուն ու երկարաժամկէտ համաձայնութեան մը, որ պիտի կանխէ այդ երկրին հիւլէական զէնքեր ձեռք բերելը։ Օպամայի խօսքերով, այս ուղղութեամբ բոլոր ճանապարհները փակուած են։ Ան միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց ԱՄՆ-ի գոնկրէսին, որպէսզի անպայման վաւերացնէ համաձայնութիւնը։
Սոյն համաձայնութենէն վերջ Օպամա հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի եւ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Բաց աստի, ան հեռաձայնով կապ հաստատեց նաեւ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։ Ամերիկացի ղեկավարը շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը կը կրէ խաղաղ բնոյթ եւ համաձայնութիւնը կը կանխէ անոր հիւլէական զէնքեր ձեռք բերելը։
Իր կարգին, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանին ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ, թէ բանակցութիւններու աւարտին ապահովուած համաձայնութեան շնորհիւ աշխարհի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կը բացուի նոր էջ մը եւ իր երկրին դէմ պիտի ջնջուին բոլոր բռնամիջոցները, ներառեալ զէնքի շրջափակումը։ Ռուհանի միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ համաձայնութիւնը Իրանի զարգացման հանգուցային կէտը կը համարուի։
Միջազգային աղբիւրները կ՚ընդգծեն, որ այս համաձայնութեան մէջ հաշուի առնուած են բանակցութիւններու բոլոր կողմերուն դիրքորոշումները։
Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ կարեւոր ձեռքբերում մը համարեց այս համաձայնութիւնը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ողջունեց սոյն կարեւոր ձեռքբերումը։ «Երկար սպասուած այս պայմանաւորուածութիւնը կարեւոր ձեռքբերում մըն է՝ ի նպաստ միջազգային, տարածքաշրջանային կայունութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման։ Լիայոյս ենք, որ սա յաւելեալ խթան մը պիտի հանդիսանայ՝ Հայաստանի եւ բարեկամ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, համատեղ ծրագրերու իրականացման համար», ըսաւ Նալպանտեան։