ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՖԹԱՐԸ
Երէկ երեկոյեան Թաքսիմի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ երկու հազար հոգի։ Պէյօղլուի քաղաքապետարանին կողմէ պատրաստուած էր այս սեղանը, որ դարձած է աւանդական։ Քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճանի տանտիրութեամբ սարքըուած իֆթարին մասնակցեցան նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոններէն ներկայացուցիչներ։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Իր ելոյթին մէջ Տէմիրճան յայտնեց, թէ նոյն սեղանին շուրջ միասնաբար նստիլ կը նշանակէ հռչակել եղբայրաբար ապրելու իտէալը։ «Անոնք, որոնք նոյն սեղանին շուրջ կրնան նստիլ, նաեւ կրնան դիւրութեամբ լուծել իրենց խնդիրները։ Կը գիտակցինք, որ տեսակաւորութիւնը բաժանումէ աւելի միասնականութիւն է », ըսաւ Տէմիրճան։