ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ 2015-Ի ԾՐԱԳՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

«Սփիւռք ա­մառ­նա­յին դպրոց-2015» ծրագ­րի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի։ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը, որ հա­մախմ­բեց այս տա­րուան ծրագ­րին մաս­նա­կից 126 սփիւռ­քա­հայ կրթա­կան մշակ­ներ, ո­րոնք Ե­րե­ւան մեկ­նած են Ռու­սաս­տա­նէն, Ուք­րայ­նա­յէն, Վրաս­տա­նէն, Լի­բա­նա­նէն, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ռու­մա­նիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Սպա­նիա­յէն եւ Չա­խիա­յէն։ Հա­յե­րէ­նի ա­րագ ու­սուց­ման դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից կրթա­կան մշակ­նե­րուն խօսք ուղ­ղեց Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան՝ այս ծրա­գի­րը հա­մա­տեղ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ ար­դէն չորս տա­րիէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կեան­քի կը կո­չուի ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի այս ծրա­գի­րը։ Սփիւռ­քի պա­հան­ջով ստեղ­ծուած է այս դա­սըն­թաց­քը՝ սփիւռ­քա­հա­յոց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, հա­յե­րէ­նի կո­րուս­տի յա­րա­ճուն ըն­թաց­քը կա­սեց­նե­լու հա­մազ­գա­յին խնդրի լուծ­ման ա­ջակ­ցե­լու, հա­մայնք­նե­րու մօտ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան նպաս­տե­լու պա­հան­ջով։ Ըստ Յա­կո­բեա­նի, վա­ղուց հա­սուն­ցած էր Սփիւռ­քի ու­սու­ցիչ­նե­րու, միւս ո­լորտ­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման բո­լոր դա­սըն­թացք­նե­րը մէկ կեդ­րո­նէ ներս հա­մա­տե­ղե­լու հար­ցը։ Սփիւռ­քի մէջ ա­մէն տա­րի կ՚ա­ւել­նայ թի­ւը այն կրթա­կան մշակ­նե­րուն, ո­րոնք կը փա­փա­քին մաս­նակ­ցիլ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով դա­սըն­թացք­նե­րու։ Դպրո­ցը կը դառ­նայ Սփիւռ­քի կող­մէ թե­րեւս ա­մե­նա­յա­ջող ծրագ­րե­րէն մէ­կը եւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի խօս­քե­րով՝ ար­դէն կա­յա­ցած կա­ռոյց մըն է։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ընդգ­ծեց, որ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան գե­րա­կայ խնդիր­նե­րէն մին է հա­յոց լե­զուի տա­րա­ծու­մը եւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը։ Այս ծի­րէն ներս կ՚օգ­տա­գոր­ծուին նաեւ նո­րա­րա­րա­կան դրու­թիւն­նե­րը։ Նա­խա­րա­րը ար­տա­յայ­տեց նաեւ այն հա­մո­զու­մը, թէ ծրագ­րի մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց գի­տե­լիք­ներն ու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յեց­նեն Սփիւռ­քի մէջ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու մեր­ձեց­ման եւ ի­րենց մտա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի ներդ­նեն Հա­յաս­տա­նի շէ­նաց­ման ու հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­ւե­լի վերջ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ա­րամ Սի­մո­նեան։ Հա­մալ­սա­րա­նի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի սա­ներն ալ ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով ող­ջու­նե­ցին կրթա­կան մշակ­նե­րը, ո­րոնք վեց ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն այս տա­րուան աշ­խա­տան­քը։

Միւս կող­մէ, Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կա­նո­նա­ւոր հու­նի մը մէջ յա­ռաջ կը տա­նի նաեւ «Ա­րի տուն» ծրա­գի­րը, ո­րու չոր­րորդ փու­լի խում­բին դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւնն ալ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015