ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Ֆրանսա երէկ երեկոյեան ցնցուեցաւ հերթական սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական յարձակումով մը։ Անցեալ աշնան Փարիզի մէջ պատահած դէպքերէն վերջ այս անգամ թիրախ դարձաւ երկրի հարաւի Նիս քաղաքը։ Կասկածները դարձեալ կ՚երթան դէպի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ)։
Ֆրանսայի Ազգային տօնին օրը երկրի հարաւին պատահեցաւ այս աննկարագրելի ողբերգութիւնը։ Ահաբեկչական յարձակման զոհ գնաց 84 հոգի, վիրաւորեալերու թիւը կը գերազանցէ հարիւրի սահմանը։ Ամբողջ երկրին եւ համայն աշխարհին մէջ մեծ ցնցում յառաջացուց այս դէպքը։ Ֆրանսայի հարաւի գեղատեսիլ Նիս քաղաքի Փրոմէօնատ տէ զ՚Անկլէ ծովեզերեայ պողոտային վրայ պատահեցաւ դէպքը՝ երբ 14 Յուլիսի Ազգային տօնին առթիւ տեղի կ՚ունենար հրավառութիւն։ Հոն բազմութիւն մը ներկայ էր հետեւելու համար այդ տօնական հրավառութեան։ Տեղական ժամով շուրջ 22.30-ին սպիտակ մեծ քամիոն մը խուժեց այդ բազմութեան մէջ ու յառաջացաւ 2 քիլօմեթր։ Մինչ այդ, քամիոնէն կրակ կը բացուէր բազմութեան վրայ։
Անվտանգութեան ուժերը միջամտելով սպաննեցին այդ սպիտակ քամիոնի վարորդը։ Պատկան իշխանութիւնները Նիսի մէջ կոչ ուղղեցին ժողովուրդին, որպէսզի մարդիկ դուրս չգան իրենց բնակարաններէն։ Պնդուեցաւ նաեւ, որ 90 քիլօմեթր արագութեամբ ժողովուրդին մէջ ներխուժած այդ քամիոնին մէջ կար նաեւ ուրիշ ահաբեկիչ մը եւս։
Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այս դէպքին հետեւանքով ընդհատեց դէպի Ավինիոն կատարած այցելութիւնը ու վերադարձաւ Փարիզ։ Այս առաւօտ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը։ Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ յայտնեց, որ պատահածը ահաբեկչական յարձակում մըն է։ Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազնէօվն ալ տեղեկացուց, որ երկրի հարաւին հաստատուած են ահաբեկչական սպառնալիքի ամենաբարձր մակարդակին դէմ նախազգուշական միջոցներ։
Ըստ Նիսէն հասած վերջին լուրերուն, վիրաւորեալներու շարքին 18 հոգիին վիճակը բաւական ծանր է։ Կը պնդուի, որ մեղադրեալը Ֆրանսայի Հանրապետութեան 31-ամեայ քաղաքացի մըն է՝ արմատներով Մարոքէն։
Նիսէն հասած սահմռկեցուցիչ լուրերուն լոյսին տակ համայն աշխարհ հերթական անգամ զօրակցութիւն յայտնեց ի նպաստ Ֆրանսայի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա, որ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ անմիջապէս իրազեկուեցաւ դէպքին շուրջ, դատապարտեց այս զարհուրելի ահաբեկչական յարձակումը։ Ուաշինկթըն միեւնոյն ժամանակ մասնաւոր խումբ մը կ՚ուղարկէ Ֆրանսա՝ նպաստելու համար դէպքի հետաքննութեան։
Աշխարհի ղեկավարներու շարքին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ պախարակեց Նիսի յարձակումը։ Թրքական կողմը իր ամբողջական զօրակցութիւնը արտայայտեց Ֆրանսայի համար։ Էրտողան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը չունի կրօն կամ ազգութիւն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս դէպքին կապակցութեամբ հրապարակեց յայտարարութիւն մը ու պախարակեց Նիսի մէջ պատահած ահաբեկչութիւնը։